

ԵՐԵՒԱՆ. Կոտայքի մարզի Պռոշեան շրջանի գիւղապետ` Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամ` Հրաչ Մուրատեանը, մահափորձի ենթարկուեցաւ: Յիսնամեայ գիւղապետը սպաննուած էր Ապրիլ 2ի առաւօտեան` գիւղապետարանի բակէն ներս: Ան մահացած է աջ քունքէն փամփուշտ ստանալով: Այս տեղեկութիւնները փոխանցեց ութ տարիէ ի վեր Պռոշեանի համայնքը ղեկավարող գիւղապետին եղբայրը` Աշոտ Մուրատեան:
Հայաստանի ոստիկանութեան Նայիրիի քննչական բաժանմունքի պետ Արսէն Սարգսեանը լրագրողներու յայտնեց, որ յարուցուած է քրէական գործ Քրէական օրէնսգրքի երկու յօդուածներու հիմամբ` սպանութեան եւ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք կրելու յատկանիշներով:
Այլ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած: Կասկածեալներու կամ ականատեսներու մասին ոչինչ փոխանցուած է:

Հրաչ Մուրատեան այն հարիւր քաջերուն մէջ էր, որոնք 1988ին միայն Պռոշեան համայնքէն անդամագրուեցան Արցախեան ազատամարտին: Հերոսական մասնակիցներէն մէկն էր: Հռչակաւոր Պետրոս Ղեւոնդեանի հետ անցած էր ազատամարտի բոլոր ճակատներով` Շահումեանէն մինչեւ Ֆիզուլի: 1990էն ի վեր, ան անդամակցած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
Հրաչ Մուրատեանի ընտանիքը 1966ին Հայաստան տեղափոխուած է Սուրիայէն: Ան ծնած էր Յուլիս 1, 1963ին` Պռոշեան գիւղին մէջ, աւարտած էր տեղի միջնակարգ դպրոցը, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած էր Երեւանի “Մեսրոպ Մաշտոցի“ անուան համալսարանին մէջ: Ամուսնացած էր, ունէր երկու դուստր եւ երկու որդի: Անոր մօտիկ ընկերները զոհուեցան ազատամարտին թշնամիի գնդակէն: Այդ գնդակը խնայեց զինք պատերազմի դաշտին մէջ, բայց այդ ոճրային փամփուշտը չխնայեց խիզախ ազատամարտիկի, գործունեայ ղեկավարի եւ պարզապէս հիանալի մարդու կեանքը:
Ան 2005 թուականէն ի վեր կը ղեկավարէր Պռոշեանի համայնքը: Անցեալ տարի Սեպտեմբերին կայացած ընտրութիւններուն պռոշեանցիներուն մեծամասնութիւնը կրկին վստահած էին Հրաչ Մուրատեանին: Կոտայքի մարզին մէջ Հրաչ Մուրատեան կը համարուէր միակ ինքնուրոյն ու անկախ համայնքապետը: Դիակի քննութենէն ի յայտ եկած է, որ ան գլուխէն` աջ ականջին մօտէն, հրազէնային մահացու հարուած ստացած էր: Գիւղացիները յայտնած են, որ լսած են երկու կրակոցի ձայն, սակայն տարածքի հետազօտման ժամանակ պարկուճ չէ յայտնաբերուած:
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան, հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սպաննուած գիւղապետը իբրեւ մտաւորական փառահեղ ուղի անցած, առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը պայքարած անձնաւորութիւն եղած է: “Նախկինում դէպքեր եղել են, տարբեր միջոցներով եւ մեթոտներով ահաբեկելու, այսինքն` սա հանգուցալուծումն էր“, յայտնած է ան` առանց նշելու, թէ որո՛ւ կողմէ եղած են ահաբեկումները: Արսէն Համբարձումեան դիտել տուած է, որ իրաւապահ մարմինները տեղեակ էին այդ մասին:
Գիւղապետին սպանութիւնը իր գործունէութեան հետ կապելուն վերաբերող հարցումին պատասխանելով` Համբարձումեան յայտնած է. “Մեր երկրի իրողութիւնները հաշուի առնելով, կարծում եմ, բոլորի համար էլ պարզ էլ որ իր գործունէութիւնը չէր կարող կապ չունենալ“:
Նշենք, որ դէպքին վայրը` գիւղապետարանին դիմաց հաւաքուած են նաեւ գիւղապետի մարտական ընկերները, ոստիկաններ, գիւղացիներ: Բոլոր գիւղացիներն ալ դրական արտայայտուած են իրենց գիւղապետին մասին: Ի պատասխան այն հարցումին, որ արդեօք Հրաչ Մուրատեան թշնամիներ ունէ՞ր, գիւղացիներէն մէկը նշած է, թէ այս դարուս ո՛վ թշնամի չունի այս աշխարհին վրայ եւ ան յիշած է Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Հրաչ Մուրատեանի եւ միւս թեկնածուին մրցակցութիւնը:
Նշենք թէ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինը այս առնչութեամբ, հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր նշած է, թէ տեղի ունեցածը կանխամտածուած ու ծրագրուած սպանութիւն է:
Ստորեւ` յայտարարութիւնը` ամբողջութեամբ.
“Այսօր` Ապրիլի 2ի առաւօտեան, աշխատավայրի դիմաց ահաբեկչութեան զոհ է դարձել Պռոշեան համայնքի ղեկավար Հրաչ Մուրատեանը: Տեղի է ունեցել կանխամտածուած ու ծրագրուած սպանութիւն: Ակնյայտ է նաեւ, որ, անկախ կատարողներից, ոճրագործութիւնը անպատժելիութեան եւ անհանդուրժողական մթնոլորտի հետեւանք է:
“Հրաչ Մուրատեանը հաւատաւոր դաշնակցական էր, Արցախեան ազատամարտի առաջին օրերից մինչեւ աւարտը, մարտական փառահեղ ուղի էր անցել: Պարգեւատրուել էր Արցախի “Մարտական խաչ“ երկրորդ աստիճանի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար բազմաթիւ մետալներով: 2005ից երեք անգամ անընդմէջ ընտրուելով գիւղապետ` նա դրսեւորել էր իրեն որպէս օրինակելի ղեկավար, իրականացրել էր տարբեր ծրագրեր, նպաստել պռոշեանցիների բազմաթիւ խնդիրների լուծմանը:
“Իր տեսակով ու նկարագրով լինելով պայքարող, ինքնուրոյն եւ ժողովրդի շահերով առաջնորդուող անհատականութիւն` Հրաչ Մուրատեանը վայելում էր համագիւղացիների սէրն ու համակրանքը: Դա յարուցում էր ոմանց ակնյայտ դժգոհութիւնը: Ղեկավարման տարիներին նրա շուրջ մշտապէս փորձ է արուել լարուածութիւն ստեղծել: Բազմիցս դրսեւորուած սպառնալիքներն ու ահաբեկումները, ի վերջոյ, հասցրեցին այս վախճանին:
“Ցաւով արձանագրում ենք, որ մեր երկրում երաշխաւորուած չէ քաղաքացու անվտանգութիւնը, յանցաւոր գործելակերպը մեր կեանքի անբաժանելի մաս է կազմում: Հրաչ Մուրատեանի կեանքը խլած դաւադիր գնդակը ուղղուած էր ոչ միայն ազնուագոյն հայի եւ համայնքի սրտացաւ ղեկավարի, այլեւ հայոց պետականութեան եւ նրա վարկի դէմ: Դատապարտելով կատարուած ոճրագործութիւնը` Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը պահանջում է յանցագործութեան արագ եւ լիարժէք բացայայտում` կատարողների եւ կազմակերպիչների նկատմամբ խստագոյն պատժի կիրառում“:
Նշենք թէ անցեալ Սեպտեմբեր 25ին` գիւղապետի ընտրութիւններէն երկու օր ետք, յաղթական Գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի եւ պարտուած Հ.Հ.Կ.ի թեկնածու Արթուր Մուրատեանի կողմնակիցներուն միջեւ դէպք տեղի ունեցած է: Հրաչ Մուրատեան` Պռոշեանի գիւղապետ ընտրուած էր 1516 ձայնով: Անոր մրցակիցը` Արթուր Մուրատեան, ստացած էր 1214 ձայն: 67 ձայն ստացած էր Արմէնուհի Մելիքեանը:
Միւս կողմէ, “Բարեւ“ յեղափոխութեան ընդդիմադիր առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Շիրակի մարզային կեդրոնի Թատերական հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը մասնաւորաբար անդրադարձաւ Պռօշեան գիւղի գիւղապետի սպանութեան դէպքին եւ իշխանութիւններէն պահանջեց շատ արագ բացայայտել դէպքը: