
Ծ.Խ.- Տարի մը առաջ, Օգոստոս 4-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ահաւոր պայթում մը խոր սուգի մատնեց արդէն իսկ վիրաւոր Լիբանանն ու անոր գործօն հայկական գաղթօճախը: Պուրճ Համուտի թաղամասն ալ ցնցուեցաւ: Այս առթիւ, հարցազրոյց (յատուկ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին, Մարինա Համամճեանի կողմէ) մը լոյս կ՛ընծայենք արուեստասէր Արին Չեքիճեանի հետ, որ իւրայատուկ գործերով անմահացուցած է Պուրճ Համուտը:
Հ.-Համառօտ կերպով ներկայացուցէ՛ք դուք ձեզ։
Պ.- Ծնած եմ Լիբանան, 1985-ին։ Յաճախած եմ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, ուրկէ աւարտելէ ետք ուսած եմ կենսաբանութիւն Հայկազեան համալսարանէն ներս, այնուհետեւ ուսումս շարունակած եմ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը եւ ստացած եմ Ջիղերու գիտութեան մասնագիտական մաքիստրոսի աստիճան։ Աշխատած եմ զանազան բնագաւառներէ ներս, որոնք անպայման չեն առնչուած մասնագիտութեանս հետ, իսկ գծագրութիւնը եղած է նախասիրութիւնս։
Հ.-Ի՞նչ կը նշանակէ նկարչութիւնը կամ արուեստը ընդհանրապէս ձեզի համար։
Պ.- Ինծի համար նկարչութիւնը սահմանափակում չունի։ Շատ կը փափաքիմ տեսնել մանուկներ կամ տարբեր տարիքի անհատներ նոյնիսկ չափահասներ, որոնք կը հաւատան, թէ կրնան ստեղծագործել, անշուշտ եթէ այդ ուղղութեամբ փափաքը ունին իրենց մէջ։ Հանրութեան մէջ ընդհանրացած սխալ կարծիք մը կայ, որ արուեստի ուղիով քալելու համար պէտք է մասնագիտական դպրոց յաճախել, ուսանիլ, սորվիլ որպէսզի այնուհետեւ կարենալ արուեստով զբաղիլ, բայց իրականութիւնը այդպէս չէ։
Գծագրութիւնը միջոց մըն է, որ արտայայտութեան հազար ու մէկ ձեւեր ունի, մէկը կրնայ ներկ թափել եւ երբ թափէ՝ հոն է, որ կը սկսի հետաքրքրութիւնը։ Այսինքն՝ պիտի չմտածես սկիզբէն, թէ դուն ի՛նչ կ՝ուզես ընել, պարազապէս պիտի սկսիս։ Մարդ արարածը կ՝ապրի կեանքի զանազան ելեւէջներ, ապրումներ։ Այդ բազմապիսի փոփոխութիւնները, որոնք անհատը կը զգայ ու թէ ի՛նչպէս իր անձին օգտակար կը դառնայ, հոն է, որ ի յայտ կու գայ տաղանդը։ Այսինքն՝ երբ որ մանուկին տաս ներկ մը եւ քաջալերես, որ գծէ եւ մանուկն ալ սիրէ ու փափաքը ունենայ զայն շարունակելու, արդէն կը յառաջանայ բան մը։ Նոյնիսկ եթէ մէկն է, որ կ՝ուզէ գծել, սակայն կաշկանդուած է, որովհետեւ կը վախնայ, այս պարագային ես միշտ կը քաջալերեմ մարդոց, որպէսզի անվախօրէն մօտենան արուեստին եւ նաեւ շատ կարեւոր է, որ նոյնքան չվախնան քննադատութենէ եւս, որովհետեւ արուեստին մէջ իշխողը ազատութիւնն է։ Մարդ ինչ որ ուզէ արուեստի ընդմէջէն ազատօրէն կրնայ արտայայտուիլ, ոչ ոք եկած է ըսելու, որ ինչո՞ւ այդ մէկը ըրիր, իսկ այդ միւսը՝ ո՛չ։ Երբ մարդ զգայ այդ ազատութիւնը, կը նկատէ, որ կրնայ աւելի անվախ ձեւով շարունակել, եւ մտածել կու տայ իրեն, որ ինչո՛ւ արուեստով չգոյատեւել եւ իր ներաշխարհին մէջ ունեցած այդ բացասական կամ վատ մթնոլորտին մէջ մնալ։ Արուեստը միշտ կը վերանորոգէ մեզ եւ կը թարմացնէ ու աշխոյժ կը պահէ մեր զգացական աշխարհը, իսկ մեր կեանքի գոյատեւումը աւելի խորիմաստ ու արժէքաւոր կը դառնայ։

Հ.-Քանի՞ տարի է ի վեր, որ կը գծէք եւ ե՞րբ յայտնաբերուած է գծելու տաղանդը ձեր մէջ։
Պ.- Մանկութենէս ի վեր նախասիրութիւնս եղած է գծելը, յատկապէս դպրոցական տարիներուն։ Սակայն, հետագային, համալսարանի կամ գործի բերումով, ինչպէս նաեւ նոր այլ ծրագիրներու կամ կեանքի պայմաններու պատճառով ժամանակը սահմանափակ սկսաւ թուելու եւ բաւական երկար ժամանակ մօտաւորապէս 10 տարիէ աւելի դադրեցայ գծելէ։ Վերջերս է, որ վերսկսած եմ ամէնէն աշխոյժ ձեւով գծելու։
Հ.-Ինչո՞ւ հիմա վերսկսաք աշխոյժ կերպով ստեղծագործելու եւ կամ ի՞նչը մղեց ձեզ վերսկսելու։
Պ.- Մօտաւորապէս 4 տարի առաջ վերսկսայ գծելու։ Նկարչութիւնը կամ գծագրութիւնը միշտ մտքիս մէջ ու մա՛նաւանդ նախասիրութիւնս եղած է։ Կեանքիս մէջ ունեցած որոշ պայմաններ ստիպեցին զիս արուեստով արտայայտուելու։ Երբեմն մեր յոյզերը՝ ըլլան անոնք ուրախ թէ տխուր, կամ նոյնիսկ մեր զգացումները արտայայտելու լաւագոյն ձեւերէն մէկը կը հանդիսանայ արուեստը, իմ պարագայիս գծագրութիւնը, ուր կրնամ լիցքաթափուիլ այդ բոլոր ապրումներէն։
Հ.-Ձեր մասնագիտութեան մէջ նկարչական ի՞նչ ուղղութեան կը հետեւիք։
Պ.- Նախ ըսեմ, որ ես մասնագէտ չեմ նկարչական արուեստին մէջ, որովհետեւ մասնագիտական կրթութեան չեմ հետեւած, ուստի այդ ուղղութեամբ վկայական չունիմ։ Մանկութեանս յաճախած եմ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմական դպրոցը, սակայն այդ մէկը հետեւողական դրութեամբ չէ եղած, հետեւաբար՝ որեւէ վկայական չեմ կրցած ստանալ։
Ինչ կը վերաբերի նկարչական նախասիրած բնոյթիս, կը սիրեմ արուեստը ընդհանրապէս, ո՛չ միայն ստեղծագործելու համար, այլ ինքնին արուեստն է, որ կը սիրեմ։ Իսկ երբ որ պիտի ստեղծագործեմ չեմ սիրեր կաշկանդուիլ արուեստի մէկ դպրոցով, այլ կը սիրեմ միշտ նորութիւն փորձարկել, որովհետեւ այսօր կը տեսնենք, որ արուեստը պարզապէս այդ դասական ներկայացուած կրկնօրինակները չեն, այլ բազմազան են։ Օրինակ՝ կարելի է ջուրի կերպընկալէ շիշերու կափարիչներով գեղեցիկ ստեղծագործական կտոր մը պատրաստել, այդ ալ տարբեր արուեստ է անշուշտ։ Ես ընդհանրապէս ջրաներկ, աքրելիք, խառն թեքնիք կը գործածեմ, այսինքն՝ կարելի է աւազ կամ այլ տեսակի նիւթեր գործածել, նաեւ կը փորձարկեմ քարերու վրայ գծելը, հետաքրքրութիւններս բազմազան են, ինծի համար կարեւորը այդ ժամանակն է, որ ես կը ստեղծագործեմ եւ ո՛չ թէ վերջնական արդիւնքը, թէ ո՞ր դպրոցին կամ ուղղութեան կը հետեւիմ։

Հ.-Պատահա՞ծ է իրադարձութիւն մը կամ դէպք մը, որ յատուկ կերպով ոգեշնչած է ձեզ ընտրելու այս ճիւղը, թէ՞ բնածին եղած է գծագրութեան տաղանդը ձեր մէջ։
Պ.- Մանկութեանս առօրեայ զբաղումը եղած է գծելը։ Ես կը յիշեմ փոքր տարիքիս, Լիբանանի պատերազմի տարիներուն, մասնաւոր զբաղում չկար յատուկ ապաստարաններու մէջ բնակող փոքրիկներուս համար։ Ուստի մեր ծնողները մեզ կը մղէին, որ գծենք եւ այդ զբաղումը շարունակուեցաւ մեր տան մէջ եւս։ Նաեւ կը յիշեմ, որ Ազգ․ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը կը կազմակերպէր մրցոյթներ եւ մեր գծագրութեան ուսուցչուհին կը քաջալերէր մեզ, որպէսզի մասնակցինք անոնց ու ես կ՝ընդառաջէի այդ առաջարկները։ Հակառակ որ կեանքի որոշ պայմաններու բերումով, ինչպէս որ նախապէս ըսի, շրջան մը հեռացած էի գծելէ, սակայն կրնամ ըսել, որ այդ զօրաւոր իղձը մէջս միշտ վառ մնացած էր։ Հետագային, երբ զգացի, որ կեանքիս մէջ որոշ բաներէ գոհ չեմ, վերադարձայ գծելու եւ հոն սկսաւ մէջս կամաց-կամաց զարգանալու եւ դառնալու ո՛չ թէ միայն առօրեայ զբաղում, այլեւ՝ ամէնօրեայ աշխատանք։ Երբ գծելու կը սկսիմ յատուկ ժամի տեւողութիւն չկայ ինծի համար, այլ ընդհանրապէս կը գծեմ, երբ որ ազատ ժամանակ ունենամ եւ այդ ամբողջ ազատ ժամանակը կը տրամադրեմ գծելու։
Հ.-Ձեր գծանկարներուն մէջ տիրական ներկայութիւն են քաղաքները ընդհանրապէս, Պուրճ Համուտը եւ անոր բծախնդիր ու հմայիչ ներկայացումը յատկապէս։ Ինչո՞ւ ընտրած էք այս թեման։
Պ.- Քաղաքներու մէջ մարդիկ կ՝ապրին, ուրեմն՝ հոն կեանք կայ։ Քաղաքներ կան, որոնք անբնակելի են, մարդիկ այլազան պատճառներով ձգած ու հեռացած են այդ վայրերէն։ Այդ անբնակելի քաղաքները եւս ինծի համար կեանքով լեցուն են, նոյնիսկ եթէ հոն մէկ ծառ կայ միայն, նոյնիսկ եթէ տուն մըն է, որ փլատակ է, այս տուեալները ինծի համար կը նշանակեն, որ այնտեղ պատմութիւն կայ, այսինքն՝ գծանկարներուս մէջ չեմ նկարագրած միայն քար մը, ո՛չ, նոյնիսկ եթէ անբնակելի են անոնք։ Ես հոն տեսած եմ կեանքը իր առօրեայ հեւքով եւ փափաքս է, որ այդ հեւքը միշտ ուրախ ըլլայ։ Ես կ՝ուզեմ տեսնել մարդոց կեանքը ինչպէս որ է, բայց այդ կեանքը ըլլայ՝ եռուն եւ գունաւոր մթնոլորտով։ Կ՝ուզեմ նաեւ տեսնել այդ տուներուն բնակիչները գոհ վիճակի մէջ։ Կը գիտակցիմ, որ ամէն մարդ ուրախ չի կրնար ըլլալ, բայց փափաքս է, որ գոհունակ ըլլան։ Այս պատճառով է, որ գծանկարներս գունաւոր կը ներկայացնեմ։
Իսկ գալով Պուրճ Համուտին, Պուրճ Համուտը մեր երկրորդ հայրենիքն է, մեր բոլորին տունն է, նոյնիսկ եթէ հոն չենք ապրիր։ Կը կարծեմ, որ հայութեան համար Պուրճ Համուտը միջնաբերդն է սփիւռքին եւ այդ միջնաբերդը կը միացնէ հայութիւնը նոյնիսկ, եթէ անոնք տարբեր սերունդներէ ըլլան, հինէն՝ մինչեւ մերօրեայ նոր սերունդը։ Հազիւ Լիբանան ըսենք, միտքերնիս ուղղակի Պուրճ Համուտը կու գայ։ Ինծի համար հոն ոչ թէ ներկայ կեանքն է անպայման, ո՛չ, այնտեղ անցեալը կայ, նոյնիսկ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթականներուն կեանքը կայ, այն գաղթականները, որոնք հետագային տուներ շինեցին եւ գունաւորեցին մեր կեանքը։ Կը փափաքիմ, որ Պուրճ Համուտը սիրելի դառնայ բոլորին, հոն բնակող հայութիւնը ուրախ ըլլայ, այնտեղ այնպիսի պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի շրջանի բնակիչները գոհ եւ ուրախ ըլլան։ Դժուար է բացատրել այս բոլորը, բայց հիմնականօրէն միտքը այս է՝ դրական մեկնաբանութեամբ չմոռնալով անցեալը եւ անցեալի այդ բոլոր պատմութիւնը՝ արհեստաւորները, խանութպանները եւ Պուրճ Համուտի հայութիւնը, որոնք տքնաջան աշխատեցան, որպէսզի հիմնեն աւանները եւ հետագային այնտեղ կեանքը շարունակուի եւ դաստիարակէ սերունդներ։

Հ.-Լիբանանի Օգոստոս 4-ի աղէտալի պայթումէն ե՞տք որոշեցիք Պուրճ Համուտին մասին գծել, թէ՞ նախապէս կար ծրագիրը։
Պ.- Պուրճ Համուտի մասին գծանկարներ ունէի արդէն Լիբանանի Օգոստոս 4-ի աղէտալի պայթումէն առաջ։ Լիբանանի պայթումը ամէն անձի ներքին հոգերուն ու յոյզերուն պէս բան մըն էր, սակայն աւելի զօրաւոր էր այս անգամ։ Վստահ եմ, թէ ան որ ստեղծագործել կը սիրէ այսպիսի ցնցիչ պահերու աւելիով կը ստեղծագործէ, բայց իմ պարագայիս գծագրութիւններս Պուրճ Համուտի մասին, որեւէ առնչութիւն չունէին պայթումին հետ։ Պսակաձեւ ժահրի տնակալման սահմանափակումները անշուշտ առիթ ընծայեցին ինծի, որ աւելի ազատ ժամանակ ունենամ եւ ես անձ մըն եմ, որ չեմ սիրեր ազատ ժամերս անիմաստ բաներով վատնելու, ուրեմն բնականաբար այդ ժամանակը նուիրեցի նախասիրութեանս՝ գծելու։
Հ.-Պուրճ Համուտի նուիրուած գծագրութիւններուն մէջ յատուկ գծագրութիւն մը կա՞յ, որ կը սիրէք միւսներէն աւելի։
Պ.- Պուրճ Համուտի մէջ կայ շէնք մը, որուն յատակը գտնուող խանութը յայտնի է անուշավաճառ «Նուկայ» անունով, իսկ ներկայիս շէնքը անուանի է «Նուկա»-ի շէնք կոչումով։

Կրնամ ըսել, որ այդ շէնքին գծագրութիւնը խորհրդանշական է, որովհետեւ հետաքրքրական էր ինծի համար, ոչ թէ գծագրական արդիւնքն ու արժէքը, այլ՝ որովհետեւ մարդիկ հետագային, երբ տեսան զայն զանազան ապրումներ փոխանձեցին ինծի, նոյնիսկ անուշավաճառ «Նուկա»-ին աղջիկը կապուեցաւ հետս այս գծանկարին առնչութեամբ։ Այդ շէնքը պսակաձեւ ժահրի համաճարակի սկզբնական օրերուն երաժշտութեամբ ուրախութիւն սփռեց լիբանանահայութեան եւ նոյնիսկ համայն սփիւռքահայութեան, այսինքն՝ շէնք մըն է, որ խաչմերուկի վրայ կը գտնուի եւ ամէն անձ, որ Պուրճ Համուտի շուկան պիտի այցելէ հաւանաբար հոնկէ պիտի անցնի, կարծես կեանքը կը ներկայացնէ իր տարբեր բնագաւառներով։
Հ.-Քաղաքներ նկարագրող գծանկարներէն բացի, ունի՞ք այլ նիւթերով ստեղծագործութիւններ։
Պ.- Հայաստան այցելելէս ետք, ունիմ Հայաստանի նուիրուած գծագրութիւններ, որոնք նախ՝ աչքովս նկարած եմ, ապա գծած եմ անոնց մասին։ Ունիմ բնութեան պատկերներ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն։ Կան նաեւ վերացական գծագրութիւններ, որոնք յստակ չեն, թէ ի՞նչ են։ Ընդհանրապէս գոյներով կ՝ըլլան անոնք կամ որոշ թեքնիքներ կը գործածուին։ Նաեւ գործածած եմ տարբեր նիւթեր, ինչպէս նախապէս յիշեցի արդէն՝ ունիմ գծանկարներ, որոնք գծած եմ քարերով, ծովու խխունջներով, բրինձով եւ այլն։

Հ.-Ձեր գործերուն մէջ ուշագրաւ են ներդաշնակ եւ վառ գոյները։ Խօսեցէ՛ք անոնց մասին։
Պ.- Ընդհանրապէս, երբ գծելու սկսայ, մտքիս մէջ չկար, որ աշխատանքներս անպայմանօրէն վառ գոյներով ներկայացնեմ, այլ այդ մէկը եղաւ ինքնաբերաբար։ Մութ գոյները կամ ընդհանրապէս մթութիւնը կեանքիս մէջ չեմ սիրեր, կ՝ուզեմ ձերբազատիլ, կը սիրեմ միշտ լուսաւոր վայրերը, բաց գոյները, որովհետեւ կը զգամ, որ մեր ներաշխարհը կրնանք աւելի լաւ ձեւով արտայայտել վառ գոյներով, իսկ այդ վառ գոյներուն արտայայտութիւնը անպայմանօրէն չեն առնչուած ուրախ կամ տխուր պահերու հետ, ընդհակառակն, երբ աւելի տխուր պահեր կ՝ունենանք, ինչպէս զուգադիպեցաւ այս հարցազրոյցին ժամանակ, գրեթէ բոլորս մեր ներաշխարհին մէջ ուրախ չենք, ո՛չ թէ անպայմանօրէն Լիբանանի անկայուն պայմաններուն բերումով, այլ մեր հայրենիքով եւ Արցախով տխուր եւ մտահոգ ենք։ Ուստի, երբ տխուր ըլլամ կը փորձեմ, որ այդ պոռթկումները եւ բացասական զգացումները արտայայտեմ աւելի վառ, գունաւոր, ներդաշնակ ու մանրամասն պատկերներով։
Հ.-Մասնակցա՞ծ էք ցուցահանդէսներու։ Պատմեցէ՛ք անոնց մասին։
Պ.- Ցուցահանդէսներու շատ չեմ մասնակցած։ Վերջին անգամ Համազգայինի երիտասարդ արուեստագէտներու խմբային ցուցահանդէսին մասնակցած եմ, իսկ անկէ առաջ՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ նորէն խմբական ցուցահանդէսի մը։ Մինչ, անհատական ցուցահանդէս երբեք չեմ ունեցած, բայց եւ այնպէս մասնակցած եմ վաճառք-ցուցահանդէսներու։
Հ.-Ունեցա՞ծ էք ուսուցիչ մը, որ յատուկ կերպով ազդած է ձեր վրայ եւ կամ ձեր տաղանդը յայտնաբերած է։
Պ.- Դպրոցական տարիներուս Ազգ․ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն ներս ունեցած եմ գծագրութեան ուսուցչուհի մը՝ Շողիկ Ուլաշեան անունով, որ յաճախ կը քաջալերէր զիս եւ շատ ազդած է վրաս։ Յայտնեմ, որ ուսուցչուհիս՝ Շողիկ Ուլաշեանը, յայտնի արուեստագիտուհի է եւ կազմակերպած է բաւական ցուցահանդէսներ։

Հ.-Հայկական աշխարհին մէջ եւ կամ նոյնիսկ համաշխարհային ո՞վ է ձեր նախասիրած նկարիչը։
Պ.- Կը սիրեմ Մարտիրոս Սարեանի եւ Լիւսի Թիւթիւնճեանի ստեղծագործութիւնները։ Յատկապէս կը հմայուիմ անոնց գծագրածութիւններուն վառ եւ ներդաշնակ գոյներով։ Իսկ համաշխարհային մակարդակով կը սիրեմ Փօլ Կօկէնի արուեստը։ Նաեւ կը հետաքրքրուիմ ու կը հետեւիմ երիտասարդ, նոր արուեստագէտներու աշխատանքներով, որովհետեւ այսօր, երբ ընկերային զանազան ցանցերու վրայ կը գտնուիս, կը հանդիպիս անոնց եւ կրնայ ըլլալ, որ այդ նորեկներուն արձագանգը տակաւին չէ հասած մեր քով, բայց եւ այնպէս անոնք անուանիներ դարձած են իրենց երկրպագուներուն մօտ։
Հ.-Կը կարծէ՞ք, որ արուեստը կ՝ազդէ մարդ արարածին վրայ եւ կրնայ փոփոխութիւն յառաջացնել անոր մէջ։
Պ.- Անշուշտ եւ անկասկած որ այդպէս է։ Այս մասին շատ փաստեր կան, բայց կրնամ ըսել նաեւ անձնական կեանքիս բերումով, որ արուեստը փոփոխութիւն կը յառաջացնէ, որովհետեւ երբ մարդ իր ձեռքը կը գործածէ փոխանակ համակարգիչի, կ՝աշխատցնէ իր ուղեղին տարբեր մասերը, որովհետեւ ձեռքին մատները շատ կը գործածէ եւ այդ մէկը ուղեղին մէջ շատ մեծ տեղ կը գրաւէ։ Հետեւաբար, այդ մէկը կ՝ազդէ մեր հոգեբանութեան վրայ։ Անշուշտ, երբ մէկը ստեղծագործէ նախ՝ իբրեւ մարդ յոյս մը կը ներշնչէ ինքն իր անձին, կեանքին, ինչու չէ նաեւ դիմացիններուն վրայ, ապա իբրեւ հայ մարդ, մենք արդէն յայտնի ենք՝ իբրեւ շինարար ժողովուրդ։ Միշտ կը կարծեմ, որ ինչքան ալ ճիգեր թափենք, սակայն այդ ստեղծագործելու փորձը ինքնին գնահատելի է, կարեւոր չէ՛ արդիւնքը, կարեւոր չէ՛ հանրածանօթ դառնալը, կարեւորը այդ արարքն է, որ կրնայ երկու, երեք կամ խումբ մը մարդոց վարակել եւ այդպիսով ազդել մեր մշակոյթի զարգացման։ Այսօր կան երիտասարդներ, որոնք պզտիկ խումբ մը կը կազմեն եւ ելոյթներ կ՝ունենան, անշուշտ խօսքս որակաւոր ելոյթներու մասին է, որոնք կ՝արժեւորուին մասնագէտներու կողմէ, հետեւաբար՝ բան մը կը փոխէ մեր կեանքին ու ապրելակերպին մէջ։ Ի վերջոյ մենք, եթէ մեր մշակոյթը չպահենք եւ չստեղծագործենք, ներկայ ժամանակի մասին է խօսքս, հապա ի՞նչ ընենք։

Հ.-Ապագայի ծրագիրներ կա՞ն։
Պ.- Այս հարցումը, որովհետեւ այսօր կը հարցնէք, անկեղծ ու իրապաշտ գտնուելով պէտք է ըսեմ, որ ծրագիրներ չկան մտքիս մէջ։ Բայց, եթէ նոյն հարցումը երկու տարի առաջ հարցուցած ըլլայիք ինծի, պիտի ըսէի, որ փափաքս էր Արցախ հաստատուիլը եւ այս գծագրութիւնները, որոնք Պուրճ Համուտը կը նկարագրեն, կարենայի հոնկէ շարունակել զանոնք։ Նշեմ նաեւ, որ Արցախի ուղղութեամբ կը հաւատամ, որ պիտի վերատիրանանք անոր, այս գծով պէտք չէ յուսահատինք եւ յոյսերնիս միշտ վառ պահենք։
Կ՝ուզեմ նախ շնորհակալութիւն յայտնել «Հայրենիք» շաբաթաթերթին, որ այս առիթը ընծայեց ինծի։ Ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն կ՝ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց, որոնք կը քաջալերեն զիս անհատապէս, թէ ընկերային ցանցերու վրայ։ Շատ հետաքրքրական է, երբ կը կապուիմ նկարի մը պատմութեան հետ, անոնց հնամենի կամ այժմու բնակիչներու մեկնաբանութիւնները կարդալով կամ լսելով, այս մէկը կը քաջալերէ ու կը մղէ զիս նոր գործեր ծրագրելու։ Կը մաղթեմ նաեւ, որ Պուրճ Համուտի գծանկարները միշտ քաղցր ու բարի յիշատակներ արթնցնելու աղբիւրը մնան մարդոց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։