Գլխաւոր

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈՂՈՔԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ` ԷԼՄԱՐ ՄԱՄՄԱՏԻԱՐՈՎԻ ԴԷՄ

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ (“Արմենիա“).- Հինգշաբթի, Յուլիս 26ին, Արժանթինի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան “Սան Մարթին“ Պալատին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարար` Էլմար Մամմատիարովի այցելութեան առիթով:

Տեղւոյն Հ.Յ.Դ. “Արմենիա“ Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զոյգ Հանրապետութիւններու դրօշակներու եւ պահանջատիրական լոզունքներով պաստառներու ընկերակցութեամբ,

հայ համայնքը, եւ մասնաւորապէ՛ս` երիտասարդները, իրենց վրդովմունքն արտայայտեցին Արժանթինի Արտաքին Գործոց Նախարար Հէքթոր Թիմէրմանին,


որ այս առիթով ընդունեց Ալիեւի իշխանութեան ներկայացուցիչին, Հարաւային Ամերիկայի զանազան երկիրներու իր այցելութեան ծիրին մէջ:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button