
Այս տարուան Պոսթըն Փոփսի հայկական երեկոյի հիւրն էր՝ երիտասարդ երաժիշտ Հայրապետ Առաքելեան, որ իր »սաքսոֆոն«ով հմայեց ներկաները: Արդարեւ,Ուրբաթ Յունիս 13-ին կատարուած այս ձեռնարկին, Առաքելեան նուագեց հանրածանօթ արժանթինցի Ասթոր Փիացոլայէն քանի մը կտորներ, որոնց կարգին հանրածանօթ »լիպերթանկօ«ն:
Ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթի, Պոսթըն Փոփսի նուագախումբը, ընկերակցեցաւ Առաքելեանի ելոյթին, յաւելեալ ճոխութիւն, եռանգ եւ կշռոյթ տրամադրելով:
Նախքան Առաքելեանի ելոյթը, ի յիշատակ Արամ Ղարաբեկեանի, նուագախումբը ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի »Գայանէ«էն կտոր մը: Լոքըրթ անդրադարձաւ Ղարաբեկեանի կատարած աշխատանքին մասին, թէ՛ Միացեալ Նհանգներու եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ:
23 տարեկան Առաքելեան ամենայն համարձակութեամբ եւ ապրումով հանդիսատեսը փոխադրեց թանկոյի աշխարհ: »Ալեքսանտր Սպենդիարեան« երաժշտանոցէն ներս աւարտած, Առաքելեան 2005-էն ի վեր կը հետեւի դասընթացքներու Քէօլնի (Գերմանիա) համալսարանէն ներս:
Ան իբրեւ ուսուցիչ ունեցած է Առնօ Պորնքամփն ու Թէոտոր Քերքեզոսը: Արդէն իսկ բազմիցս մրցանակներու տիրացած, ան ելոյթներ ունեցած է Վիեննայի, Սէնթ Փիթըրզպըրկի, Քեօլն եւ այլ նուագախումբերու հետ: Ան նաեւ, ելոյթներ ունեցած է Սինկափուրի, Գանատայի, Արաբական Էմիրութիւններու, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Առաքելեան տիրացած է մրցանակներու, որոնց կարգին Գերմանիոյ երիտասարդ երաժիշտներու մրցանակը 2009-ին, Անքոնայի (Իտալիա) եւ Նանթի (Ֆրանսա) մրցանակները եւ այլ:
Պոսթըն Փոփսը կը կատարուի տարեկան դրութեամբ, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերօպութեամբ Հայ Մշակոյթի Բարեմներու Միութեան կողմէ: