Լրահոս

ՊՈՍԹԸՆ.- Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

p1 NRA Final-Cropped-Small

 

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, գումարեց իր 57-րդ ժողովը՝ Պոսթընի մէջ, Յունիս 4էն 6, օրհնութեամբ Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսի, նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:

Advertisement Subscribe Today

Երեք օրերու վրայ տեւողութիւն ունեցող այս ժողովը քննարկեց Առաջնորդարանին, կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները: Կատարուեցան Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնները:

Ազգային Վարչութիւն ընտրուեցան Ստեփան Յակոբեան (ատենապետ), Նուպար Մկրեան (փոխ-ատենապետ), Սուզըն Էրիքսըն (ատենադպիր), Տենի Կիւլպէնկեան (գանձապահ), Յակոբ Անդրանիկեան, Քարէն Ճիհանեան եւ Սարգիս Օհաննէսեան: Կրօնական Խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Տէր Ներսէս Աւագ քհնյ. Մանուկեան, Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան եւ Տէր Կոմիտաս Աւագ քհնյ. Պաղսարեան: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button