
Read Time:23 Second
Լուսանկարներ՝ Kenneth Martin
Ուրբաթ, Ապրիլ 4-ին, Մասաչուսէց մայրաքաղաք` Պոսթընի կեդրոնը գտնուող, պետական “Օ՛նիըլ“ շէնքի մուտքին, խումբ մը հայորդիներ, կատարեցին խաղաղ ցոյց մը ի նպաստ Քեսապի:
Ցուցարարները պաստառներով եւ լոզունքներով կը պահանջէին ահաբեկիչներու ելքը հայաւանէն: Նաեւ, այս առթիւ տեղեկատուական թռուցիկներ ցրուեցան, որուն մէջ, մանրամասնութեամբ կը ներկայացուէր Քեսապի պատմութիւնն ու անցուդարձը: Նշենք թէ, այս հաւաքը կազմակերպուած էր տեղւոյն Հ.Ե.Դ.-ի եւ Մասաչուսէցի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ: