
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին» գրական հանդէսի ներկայացման ձեռնարկ մը: «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ Յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին բանախօսներն էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ «Բագին»ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Սեւան Տէյիրմենճեան:
Ինչպէս ծանօթ է, 2016ին «Բագին»ի խմբագիր նշանակուեցաւ այժմ գանատաբնակ, լիբանանահայ երիտասարդ բանաստեղծուհի ու մանկավարժ Սոնիա Քիլէճեան՝ խմբագրական նոր խորհուրդի մը գործակցութեամբ: Իր խմբագրութեամբ արդէն հրատարակուած է հանդէսի 2016ի առաջին թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է անուանի գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանին, անոր ծննդեան 70ամեակին առիթով:
Գրական զրոյցը տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Պոլիս այցելութեան, ինչպէս նաեւ նոր ուղի մտած «Բագին»ի առաջին թիւին առիթով: Նպատակն էր ծանօթացնել «Բագին»ը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ Գրիգոր Պըլտեանի գրական վաստակին:
Ձեռնարկին պոլսահայ հետաքրքիրներու առընթեր հետեւեցան նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ու Համազգայինի համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21րդ դարուն՝ խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» գիտաժողովին խումբ մը մասնակիցները:
Մկրտիչ Մկրտիչեան արտայայտուեցաւ իբրեւ «Բագին»ը հովանաւորող կազմակերպութեան՝ Համազգայինի ներկայացուցիչը, պարզելով կառոյցին մօտեցումները եւ գրական-գեղարուեստական հանդէս մը հովանաւորելու շարժառիթները, որոնց գլխաւոր նպատակն է հայ միտքի ու իմացականութեան զարգացումը: Իսկ Սեւան Տէյիրմենճեան արեւմտահայ ու սփիւռքահայ գրականութեան մէջ գրական ամսագիրներու աւանդութեան անդրադառնալէ ետք կանգ առաւ «Բագին»ի դերին վրայ, որ իր ետին ունենալով լուրջ կազմակերպութեան մը նեցուկը, աւելի քան յիսնամեակ մը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, այժմ արդէն նոր ու թարմ շունչով եւ տեսլականով:
Մկրտիչեան ու Տէյիրմենճեան ապա պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Կատարուեցաւ նաեւ քննարկում եւ միտքերու փոխանակում: