
ՊՈԼԻՍ.- Հոկտեմբեր 27ին, Թուզլա շրջանի հայկական ճամբարը, որ գրաւուած էր պետութեան կողմէ, ապա վաճառուելով վերածուած՝ անձնական սեփականութեան, երկար պայքարէ ետք վերադարձուեցաւ բուն տիրոջ՝ Կէտիկ Փաշայի Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին:
Այս լուրը հաստատեց Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկի փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլը` նշելով, որ սեփականութեան վկայականը արդէն իսկ յանձնուած է հիմնարկին:
Մայիս 6էն ի վեր, «Նոր Զարթօնք»ի եւ «Արմէն Ճամբարի զօրակցութեան շարժում»ի համակիրներ հերթական դրութեամբ հսկում կը կատարէին:
Այժմ այս ճամբարը կիսաքանդ վիճակի մէջ է: Անիկա եղած է չքաւոր եւ որբ հայ երեխաներու ամառնային ճամբար: 1961-ին գնուած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին կողմէ եւ ծառայած իբրեւ ամառնային ճամբար, ուր յաճախած է նաեւ 2007-ին սպաննուած յայտնի հայ լրագրող՝ «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինք: