
ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 5-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի տագնապին շուրջ ձեւաւորուած զարգացումներուն:
Ըստ Մանոյեանի` Ատրպէյճանին զսպելու առումով հայկական կողմը զինուորական տեսանկիւնէն ճիշդ քայլեր կատարած է, բայց դիւանագիտական տեսանկիւնէն շատ կարեւոր է ամրագրել, որ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ստորագրեն ռազմաքաղաքական այն պայմանագիրը, որուն մասին ապրիլի սկիզբը հանրապետութեան նախագահը խօսած է եւ յանձնարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստել:
«Կը կարծենք, որ հիմա է այն պահը` ստորագրելու: Ատիկա նաեւ մեր կողմէ կը նպաստէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին: Անհրաժեշտ է վայրկեան մը առաջ այդ ռազմաքաղաքական պայմանագիրը ստորագրել, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ աշխատանք տանիլ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: Պատրանք չունինք, որ վաղը պետութիւնները կը ճանչնան, բայց անհրաժեշտ է, որ պայմանագիրէն բխող հարցերու էութիւնը պարզ դառնայ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը զինակոչիկը կը յայտնուի Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին վրայ, ատիկա ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ կը գործածեն նոյն Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրը, այս բոլորը բացատրելու համար, անհրաժեշտ է այդ պայմանագիրը ստորագրել», նշեց Մանոյեան, աւելցնելով թէ միջնորդ պետութիւններուն կողմէ ճիգերը շատ են` ուղղուած բանակցութիւններու վերսկսման, որովհետեւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք տեղի ունեցած` Վիեննայի եւ միւս հանդիպումներուն անդրադարձ չէ կատարուած հարցի բուն էութեան, հիմնական հարցերը վերաբերած են զինադադարի դրութեան ապահովման:
Մանոյեան նշեց նաեւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներու նուազման նպաստած են նաեւ հետեւողական ճնշումներ՝ միջնորդներուն կողմէ:
«Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, Սեպտեմբեր 2-ին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն ոչ բոլոր լրատուամիջոցները անդրադարձան: Այդտեղ կը կրկնուէր կուսակցութեան կեցուածքը, որ 2009-էն ի վեր այս հարցին մասին հրապարակուած է: Հիմնարար սկզբունքները կամ Մատրիտեան սկզբունքները հրապարակուած են այդ թուականի Յուլիսին, եւ կուսակցութիւնը անոնց մասին իր տեսակէտը յայտարարած է: Մենք յայտարարութեան մէջ կ՛անդրադառնանք նաեւ այն հարցին, որ ակնկալել, թէ հայկական կողմը միակողմանի զիջումներ պէտք է կատարէ անորոշ ապագայի, ինչ որ խոստումներու դիմաց, ամբողջութեամբ սխալ է: Առանց դիմացի կողմէն որեւէ բան ստանալու` յայտարարել, որ մենք պատրաստ ենք ինչ որ քայլերու ձեռնարկելու, կը նշանակէ` ինչ որ բան տալ` առանց ոչինչ ստանալու», եզրակացուց Մանոյեան: