Գլխաւոր
“ՊԷՏՔ Է ՃԱՆՉՆԱԼ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ“ ՅԱՅՏՆԵՑ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱԼՄԱԿՐՕՆ
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ թէ Սեպտեմբեր 9-ին, Ուրուկուէյի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական խումբին կողմէ նախաձեռնուած` Հայաստան-Ուրուկուէյ յարաբերութիւններուն նուիրուած համաժողովին ընթացքին, խօսք արած է Արցախի հիմնահարցին մասին, եւ այդ առթիւ կատարած է կարեւոր հաստատում մը:

