Յօդուածներ

Պէտք Է Արգիլուի Փաշինեանի Կուսակցութեան Մասնակցութիւնը Յունիսի Ընտրութիւններուն՝ Սահմանադրութեան Խախտման Հիմքով

Յարութ Սասունեան

2021 թուականի Յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագիր (ՔՊ) կուսակցութիւնը տուաւ բազմաթիւ խոստումներ, որոնք պէտք է իրականացուէին հինգ տարուան ընթացքին, որոնց կարգին՝ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ այլն։ Սակայն այդ խոստումները մնացին անկատար կամ ալ հակասեցին կառավարութեան հետագայ գործողութիւններուն։

ՔՊ ղեկավարները, հակառակ անոր որ չունին անհրաժեշտ որակաւորում, բայց եւ այնպէս իրենք զիրենք նշանակեցին տարբեր բարձր պետական պաշտօններու վրայ եւ հարստացան բացառիկ պետական պայմանագիրներու, բարձր աշխատավարձերու ու  չարդարացուած միլիոնաւոր տոլարներու պարգեւավճարներու շնորհիւ։ Այսօր նոյն կուսակցութիւնը կրկին կը փորձէ խաբել հանրութիւնը։

2026 թուականի ապրիլ 3-ին, ՔՊ-ն հրապարակեց իր նախընտրական ծրագիրը՝ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող, եւ ներկայացուց 100 հիմնական գործողութիւններ, որոնք պիտի իրականացուին 2026-2031 թուականներուն։

Կը ներկայացնեմ խոստացուածներէն երկուքը․

Ծրագիրի 10-րդ կէտին մէջ, որ վերնագրուած է «Արժէքի վրայ հիմնուած հանրութիւն», կը ներկայացուին «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի ծրագիրները՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «բարեփոխման» վերաբերող։ ՔՊ-ն կը պնդէ, որ՝ «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի ղեկավարութեան գործունէութեան պատճառով հաւատացեալները օտարացած են եւ կը շարունակեն օտարանալ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցիէն, ինչ որ, նաեւ հոգեւոր անվտանգութեան խնդիր է, արդարեւ ատիկա առիթ ստեղծած է, որ արտաքին ուժերը փորձեն Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցին դարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ու ինքնիշխանութեան դէմ խառնածին պայքարի յենակէտ»։ Այս անհիմն յայտարարութիւնը նպատակ ունի շեղել ուշադրութիւնը Փաշինեանի դէմ ուղղուած նմանատիպ մեղադրանքներէն։ Եթէ որեւէ քաղաքացի՝ աշխարհիկ անձ կամ հոգեւորական, օտարերկրեայ գործակալ է, կառավարութիւնը պարտաւոր է ձերբակալել եւ մեղադրանք առաջադրել անոր։ Ասիկա զրպարտչական յայտարարութիւն է, նման այն յայտարարութիւններուն, որոնք կը կատարուին Փաշինեանի հասցէին։

Advertisement Subscribe Today

10-րդ կէտին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրուին յստակ քայլեր, որոնք կը խախտեն Հայաստանի սահմանադրութեան՝ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան բաժանման սկզբունքը։ Ստորեւ ներկայացուած է ՔՊ-ի ծրագիրը.

ա) Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետի հեռացում (հանգստեան կոչում),

բ) Սահմանուած կարգով կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն,

գ) Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան ընդունում․ կանոնադրութեամբ պէտք է սահմանուին ամրագրուած սկզբունքներու պահպանման, ֆինանսական թափանցիկութեան եւ հոգեւորականներու բարեվարքութեան ապահովման կառուցակարգեր,

դ) Սահմանուած կարգով Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւն:

Կուսակցութիւնները վերոնշեալ չորս քայլերէն ոչ մէկը որոշելու իրաւունք ունին։  Սահմանադրութիւնը կ’արգիլէ կառավարութեան միջամտել Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, որոնք ունին վաղուց հաստատուած ընթացակարգեր։ Կառավարութիւնը հազիւ կը յաջողի կառավարել երկիրը, սակայն այժմ կը ձգտի կառավարել նաեւ Եկեղեցին։

Աւելի՛ն. ՔՊ-ն կը փորձէ հոգեւորականներուն առաջարկել անձնական առաւելութիւններ։ 10-րդ կէտին մէջ կ՛ըսուի. «Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ձեւաւորած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ կառավարութիւնը ձեռնամուխ պիտի ըլլան հոգեւոր ծառայողները ընկերային երաշխիքներու պետական համակարգին մէջ ներառելու»։ Ես դէմ չեմ, որ հոգեւորականները ստանան առաւելութիւններ, ինչպէս՝ առողջապահական ապահովագրութիւն եւ ընկերային ապահովութիւն, ինչպէս միւս բոլոր հայ քաղաքացիները, սակայն խնդրայարոյց է այդ արտօնութիւնները կապել կառավարութեան կողմէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան գործերուն միջամտելուն հետ։

Տարօրինակ է, բայց 10-րդ կէտին մէջ դարձեալ կը շեշտուի, որ՝ «կրօնական կազմակերպութիւնները անջատ են պետութենէն», սակայն կառավարութիւնը բազմիցս խախտած է սահմանադրութիւնը եւ բազմաթիւ այլ օրէնքներ՝ միաժամանակ դասեր տալով հասարակութեան՝ «Եկեղեցին քաղաքականութենէն հեռացնելու» մասին։ ՔՊ-ի ղեկավարները կը գործեն այնպէս, կարծես միայն իրենք իրաւունք ունին անպատժելիօրէն խախտելու սահմանադրութիւնը։

Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հրապարակեց յայտարարութիւն, որով կը դատապարտէ ՔՊ-ի՝ «Հայոց եկեղեցին բարեփոխելու» անօրինական ծրագիրները։ Մայր Աթոռը յայտարարած է. «Ասիկա սահմանադրական կարգի, Եկեղեցւոյ ինքնակառավարման իրաւունքի, ինչպէս նաեւ խղճի ու կրօնի ազատութեան միջազգային հիմնարար սկզբունքներու բացայայտ ոտնահարում է»։

Այժմ անդրադառնանք 100-րդ կէտին, ուր նշուած է․ «Սփիւռքի պետականակեդրոն կազմակերպութիւններու համաժողովի կազմակերպում՝ խաղաղութեան պայմաններու մէջ Հայաստան–սփիւռք գործակցութեան հայեցակարգ ընդունելու եւ իրագործման գործիքակազմեր ձեւաւորելու նպատակով»։

Ասիկա Փաշինեանի կառավարութեան վերջին փորձն է՝ պառակտելու եւ տկարացնելու Հայաստան-սփիւռք գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները՝ ի լրումն այն բազմաթիւ քայլերուն, որոնց Փաշինեանի վարչակարգը ձեռնարկած է՝ վնասելով համայն հայութեան շահերուն։

Ահա քանի մը այլ քայլեր, որոնք Փաշինեանը եւ իր նշանակած անկարող Զարեհ Սինանեանը՝ այսպէս կոչուած «Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը», ձեռնարկած են սփիւռքի դէմ։

Սփիւռքը՝ իբրեւ արժէքաւոր ներուժ օգտագործելու փոխարէն, Հայաստանի կառավարութիւնը կը վտանգէ իր յարաբերութիւնները եօթը միլիոն սփիւռքահայերուն հետ։

Փաշինեանը ութ տարի առաջ իր կառավարումը սկսաւ՝ փակելով Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գլխաւոր կամուրջը։

Ան յաճախ բացայայտօրէն հակադրուած է սփիւռքին։ 2024 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպուած կառավարական համաժողովին, ուր հաւաքուած էին հարիւրաւոր սփիւռքահայեր աշխարհի տարբեր անկիւններէն, Փաշինեանը կոպիտ ձեւով ըսաւ. «Մենք ձեր օգնութեան կարիքը չունինք։ Հայաստանը կրնայ հոգալ իր կարիքները»։

2025 թուականին, Թուրքիա կատարած այցելութեան ժամանակ, Փաշինեանը պոլսահայերու խումբի մը ըսաւ. «Իմ վրայ յոյս մի՛ դնէք։ Հայաստանի վարչապետը աշխարհի բոլոր հայերուն պատասխանատուն չէ։ Դուք ձեր համայնքներուն մէջ ձեր խնդիրները լուծեցէք»։

Աւելցնենք նաեւ Փաշինեանի կողմէ կազմուած սփիւռքահայերու «սեւ ցանկը», ուր ներառուածներուն մուտքը արգիլուած է Հայաստան պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք ըսած են բան մը, որ հաճելի չէ Փաշինեանին։

Եզրափակելով՝ եթէ Փաշինեանի կուսակցութիւնը յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստանայ աթոռներուն մեծամասնութիւնը, իրավիճակը պիտի դառնայ առաւել վտանգաւոր համայն հայութեան համար՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button