Յօդուածներ
Պատմութեան Անցած` Անտոնեան Հայ Միաբանութեան Ծոցէն Ծնած` Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Ծննդեան 185-ամեակը (23 Փետրուար 1841)

Սօսէ Փիլաւճեան
Միաբանութիւն Անտոնեան հարց` հիմնեալ ի 25 Մարտ 1707
Հիմնադիրք չորք եղբարք Մուրատեանք Բերիայի վաճառականք` Աբրահամ, Յովհաննէս, Մինաս, Յակոբ
Ա-Օթեւան նոցին Բերիա 1707-1709
Բ-Օթեւան նոցին Ավքար ի Լիբանան 1709-1715
Գ-Օթեւան նոցին Քիւրքէ ի Լիբանան 1715-1716
Դ-Օթեւան նոցին Քրէյմ ի Լիբանան վանատուն 1716-1721
Ա-Վանք շինեալ ի Քրէյմ 1721-անուն` Յիսուս Փրկիչ-Աթոռ ընդհանրական Աբբահարց` 1721-1827
Բ-Վանք շինեալ ի Պէյթ Խաշպօ Լիբանանու 1750-անուն` Սուրբ Անտոն-Աթոռ ընդհանրական Աբբահարց` 1827-1870
Գ-Վանք շինեալ ի Հռոմ Վատիկանու մօտ 1761-անուն` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ
Դ-Վանք շինեալ ի Կ.Պոլիս Օրթաքէոյ 1858-անուն` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-
Աթոռ ընդհանրական Աբբահարց 1870
“Ի վաղուց հետէ ցանկայր կրօնն մեր ունել զվանք ինչ` ի հռոմ առ ի կրթել անդ ողորմածն Աստուած կամելով կատարել ցանկութիւն մեր, այժմ վերջապէս յաջողութեամբ գնեցանք բնակարան եւ կառուցել զեկեղեցի մի` յանուն փառաւորեալ նահատակին սրբոյ Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչի, արարաք վանքին անուամբ նրա, եւ արագեցանք ոմանս անձինս չափահասեալս եւ զփոքրերս, զի ուսուցին անդ։ Եւ վասն այսմ անկանք մէջ մեծի չքաւորութեան եւ պարտուց, եւ ոչ եւս վաճարելոյ զպարռս մեր, եւ ոչ հասանի ի թիկունս Աստուածապաշտութեան մերոյ, ուստի մեր բոլոր յոյսը յետ այժմ` ի գթութենէ մեր մնաց” Հ.Կարապետ Հալլաճեան
1769 Հռոմ
Հռոմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն սատար հանդիսացած է հոգեւորի եւ ազգայինի յառաջդիմութեանը, որու ծոցէն ծնած են բազմաթիւ ականաւոր հոգեւորականներ, որոնց մէջ ամենահամբաւաւորը` Մաղաքիա Արք. Օրմանեանն է։
“Նշանաւոր անձինք Անտոնեան միաբանութեան” ուսումնասիրութեան մէջ` Անտոնեան ուխտէն Հ.Իսահակ Վրդ.Սրապեան մեծ գովասանքով` վեր կ’առնէ Մաղաքիա Օրմանեանի Աստածատուր շնորհքը, բնածին եւ ձեռքբերովի կարողութիւնները, որ ցուցաբերած է Հռոմի մէջ` Աստուածաբանական աւարտաճառը պաշտպանելու պահուն։ Օրմանեան իր ունեցած ունակութիւններու շնորհիւ ներկայացուցած ատենախօսութեամբը` հիացուցած է
իտալացի Աստուածաբանները, որոնք զարմանքով արտայայտուած են անոր պաշտպանութեան եղանակին եւ հմտութեանը մասին։
Մաղաքիա (Պօղոս) Արք. Օրմանեան`
Ծնած` 1841 փետրուար 23-ին, Պոլիս։
1851-Հռոմ ի վանս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ուսանելու։
1858- Աստուածաբանութեան մագիստրոսը ստացած։
1858-Հռոմի քարոզչութեան դպրոցի հայերէնի ուսուցիչ։
1866-Պոլիս Անտոնեան միաբանութեան քարտուղար։
1867-Անտոնեան վարժարանի տեսուչ։
1868-Հռոմի Աստուածաբանական ակադեմիայի անդամ։
1870-Պոլիս։
1876-խզած է կապը կաթողիկէներու հետ։
1877-դիմում ներկայացուցած` Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Ներսէս Արք. Վարժապետեանին` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ գիրկը դառնալու։
1879-Ծայրագոյն Վարդապետ։
1886-Եպիսկոպոս Էջմիածնի։
1896-1908-Պոլսոյ հայոց Պատրիարք։
1918 Նոյեմբեր 19 վախճանած Պոլիս։
Հայ ժողովուրդը ընթացիկ տարուայ ողջ տեւողութեան կը նշէ մեծ հայու, նուիրեալ եկեղեցականի, մտաւորական-պատմաբան` Մաղաքիա Արք.Օրմանեանի ծննդեան 185-ամեակը։

