Լրահոս

Ընկերվար Միջազգայնականը Կը Դատապարտէ Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներուն Դատավճիռները

 

Ընկերվար Միջազգայնականը յատուկ յայտարարութեամբ մը խոր վրդովմունք եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Փետրուար 5-ին Պաքուի ռազմական դատարանին կողմէ հրապարակուած վճիռներուն կապակցութեամբ, որոնց համաձայն՝ Ատրպէյճանին մէջ տակաւին պահուող եւ Արցախի նախկին հակամարտութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած 19 հայ կալանաւորներէն 15-ը դատապարտուեցան երկարատեւ ազատազրկման։

«Այս վճիռները, որոնք կը ներառեն հինգ ցմահ ազատազրկման դատավճիռ, հակասական են խաղաղութեան եւ հաշտեցման ուղղուած ջանքերուն ոգիին։

Մենք կը նշենք այն փաստը, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, ստորագրելով Ուաշինկթընի հռչակագիրը, կարեւոր քայլ կատարեց՝ առաջին անգամ տասնամեակներէ ի վեր արտօնելով բեռներու տարանցումը իր տարածքէն դէպի Հայաստան։ 2026 թուականի Յունուարին ազատ արձակուեցան նաեւ չորս հայեր, որոնք տարիներէ ի վեր ազատազրկուած էին՝ 2020 եւ 2023 թուականներուն ձերբակալուելէն ետք։ Այս դրական մթնոլորտին մէջ, միանալով միջազգային այլ կառոյցներու ձայնին, մենք կոչ կ՛ուղղենք ազերի իշխանութիւններուն՝ շարունակելու ներկայ դրական զարգացումները եւ առանց յապաղումի ազատ արձակելու իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող բոլոր հայ կալանաւորները։ Նման քայլ մը պիտի հանդիսանայ բարի կամքի նշանակալի դրսեւորում եւ զգալիօրէն պիտի նպաստէ կայունութեան Հարաւային Կովկասի մէջ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Ընկերվար Միջազգայնականը քաղաքական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը միաւորէ ընկերվարական, ժողովրդավարակն եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ աշխարհի տարբեր երկիրներէ։ Ան կը համախմբէ 132 կուսակցութիւն եւ կազմակերպութիւն՝ աւելի քան 100 երկիրներէ։

Advertisement Subscribe Today

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Ընկերվար Միջազգայնականի Կանանց Միութեան (SIW) եւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Միութեան (IUSY) մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button