Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՍՈՒՐԲ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, 10-11 Փետրուարին, Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի հոգեւորականաց դասը աւանդական իր հաւաքը ունեցաւ Ուայթընզվիլի (Մասաչուսէց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Ի հետեւումն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2026 տարուան հռչակագրին, գլխաւոր նիւթը եղաւ հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը։ Այս առթիւ, ամբողջ Երեքշաբթի օրը հոգեւորականները ժամերգութիւններով եւ խորհրդածութեամբ ներհայեցողական կեանք վարեցին, միաժամանակ ընթերցելով Թովմաս Քեմփացիի «Նմանութիւն Քրիստոսի» (Imitation of Christ) հոգեշունչ հատորը։
Հոգեւոր նորոգման փորձառութենէն ետք, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ այցելու հովիւ Սուրբ Խաչ (Թրոյ, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ, պատարագեց եւ քարոզեց։ Օրը փակուեցաւ սիրոյ ճաշով, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ ծխականներուն։
Չորեքշաբթի առաւօտ, Ղեւոնդեանց տօնախմբութեան յայտագրի երկրորդ մասը սկսաւ Վեհափառ Հայրապետի պատգամի ընթերցումով։ Այնուհետեւ, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն (Ուստըր, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ, կարդաց Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրը։
Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց այցելութիւնը Վարդանանց Ասպետներու աւագ սպարապետ Ռոպըրթ Աւագեանի, որուն հետ քննարկուեցան գործակցութեան նորանոր ուղիներ։ Անոր կ՚ընկերանային Արժպ. Տ. Ստեփան Պալճեան՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ եւ Դանիէլ Մերեան՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձու։
Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր թելադրանքով, «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Աշակերտ Քրիստոսի» շարականի հաւաքական երգեցողութեամբ։

