
Աւելի քան երկու տասնամեակ, Հայաստանի անկախ պետականութեան վարչամեքենան կը շարունակէ արգելափակուած մնալ քաղաքական ճահիճին մէջ: Այս տիրող կացութեան գլխաւորագոյն պատճառը այն ահաւոր աւերն է, որ գործուեցաւ Սովետական Միութեան ամբողջատիրական իշխանութեան կողմէ:
Արդարեւ, աւելի քան եօթանասուն տարիներու ընթացքին, համայնավարական ամբողջատիրական վարչակարգը “ահ ու սարսափ“-ի իր զէնքով` իր իշխանութեան տակ գտնուող բոլոր երկիրներուն մէջ, արմատախիլ ըրաւ քարոզչական, օրինական, քաղաքական, կրօնական եւ կրթական բոլոր հաստատութիւնները` ու ճզմեց սեփական ամէն նախաձեռնութիւն եւ ազգային դիմագծի պահպանման ամէն փորձ:
Հետեւաբար, վերոյիշեալ պատմական իրողութիւններէն բնականօրէն կարելի է եզրակացնել, որ ամբողջատիրական վարչակարգերը չեն կրնար այս կամ այն ձեւով անմիջապէս փոխարինուիլ ժողովրդավարական կարգերով: Նման փոփոխութեան կը կարօտի փոխանցման ժամանակաշրջանի մը, որ կրնայ տեւել քանի մը տասնամեակ եւ թերեւս քանի մը սերունդ:
“Երկաթէ Վարագոյր“ գրքին հեղինակը` Anne Applebaum, տակաւին քանի մը ամիս առաջ New York Times-ի մէջ կ՛ըսէր հետեւեալը.-“Յետ-համայնավարական երկիրները չեն կրնար բարգաւաճիլ միայն քանի մը տնտեսական բարենորոգումներով եւ չեն կրնար գործել իբրեւ ազատական ընկերութիւններ` միայն ընտրութիւններ կազմակերպելով ու քաղաքական կուսակցութիւններ հիմնելով: Անոնք կարիքը ունին նաեւ անկախ մամուլի, սեփական (regulatory systems)-ի մշակոյթի մը, որ կը հանդուրժէ անկախ խմբաւորումներ եւ կազմակերպութիւններ: Եւ ամէն բանէ աւելի, ճնշուած ընկերութիւն մը` քաղաքականօրէն վերաշխուժանալու համար, կարիքը ունի հայրենասիրութեան, պատմական ինքնագիտակցութեան, կրթութեան, տենչանքի, լաւատեսութեան եւ մանաւանդ` համբերութեան“:
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ իշխանութեան հասնելու իր փորձէն առաջ, յատկապէս Ղարաբաղեան գոյապայքարին իր բերած ջան-ֆետայական մասնակցութենէն ետք, պէտք է կեդրոնանար ժողովրդային արմատներուն ծարաւը յագեցնող կուսակցութիւն դառնալու գործունէութեան վրայ, եւ ինքզինքին խնայէր այն ճիգն ու նիւթականը, եւ մանաւանդ ժամանակը, զորս մեծ տարողութեամբ թափուեցան նոյն այդ քաղաքական ընտրաճահիճին մէջ:
Նաեւ պէտք է հաւատալ, որ Հայաստանի պետականաշինութիւնը կը սկսի ժողովրդային տրամաբանութեան յեղափոխականացումով:
Հետեւաբար, յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կարելիութիւնը ունի իրագործելու ստորեւ նխուած կարգ մը առաջադրանքները.
ա.- Զանազան շրջաններու մէջ ստեղծել երիտասարդական շարժումներ եւ մնայուն գործիչներու ճամբով կազմակերպել ժողովրդային լսարաններ:
բ.- Իրականացնել դրամական փոխատուութեան հաստատութիւններ եւ հողագործութեան ու անասնապահութեան զարկ տուող մասնագիտական խորհրդատու գրասենեակներ:
գ.- Ղարաբաղի մէջ գործնականացնել շինարարական վերաբնակեցման ծրագրեր:
դ.- Կազմակերպել դաշնակցական ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողով ` Հայաստանն ու Սփիւռք մէկ մտածողութեան մը բերելու եւ մտաւորական մթնոլորտ աշխուժացնելու նպատակով:
Դեռ մօտիկ անցեալին էր, երբ վերոյիշեալ գործերէն շարք մը փաստեր տուաւ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը Սփիւռքի մէջ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ան յաջողեցաւ իրագործել հայկական թաղերու ինքնապաշպանութիւնը, երիտասարդական երկարաշունչ լսարաններ եւ Ազգային խորհուրդի ճամբով Պուրճ Համուտի մէջ շինարարական չորս ծրագրեր: Եւ այդ ճամբով, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ապահովեց ժողովրդային խաւերու անվերապահ վստահութիւնը:
Ակներեւ իրականութիւն է, որ որեւէ կազմակերպութեան համակիրներու շրջանակը կրնայ ընդարձակուիլ միայն այն ժամանակ` երբ անոր խօսքն ու գործը զիրար կը համապատասխանեն: Եւ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ժողովրդային զանազան խաւերու մէջ յաջողած է հող շահիլ պարզ այն պատճառով, որ իր խօսքն ու գործը միշտ ալ ընթացած են փոխադարձ ներգործութեամբ:
Այսօր, Հայաստանի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր պատմական դրամագլուխով, քաղաքական ընկերվարական յեղափոխական առաջադրանքներով, համասփիւռքեան իր կարողականութեամբ եւ Հայաստանեան իր քսանամեայ փորձառութեամբ կը ներկայացնէ պատկառելի ատաղձ մը, որ կարողութիւնը ունի թափանցելու հայրենի ժողովուրդի մտքին ու կեանքին մէջ:
Այլ խօսքով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը բոլոր տուեալները ունի Հայաստանի նորագոյն հանրապետութեան ղեկը վերցնելու.
Մէկ խօսքով, առաջնորդե՛լու ժողովուրդը` պատմական պատասխանատուութեամբ: