
Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ
Գանատական ընկերութիւնները անօդաչու սարքերու արտածման հիմնական մատակարողներէն են: Քառասուն չորս օրեայ պատերազմի բացայայտումներէն մին հանդիսացաւ այն հանգամանքը, որ այդ արդիական մասերը եկան լրացնելու թրքական ռազմա-արդիւնաբերական թագը հանդիսացող Պայրաքտարը, որուն շնորհիւ ազերին ապահովեց օդային մեծ առաւելութիւն: Անօդաչու սարքը՝ խախտեց պատերազմի խաղի կանոնները, եւ ըլլա՛յ Լիպիոյ պատերազմին , ըլլայ 44 օրեայ Արցախեան գոյապայքարին, նժարը թեքեց դէպի թրքական ուժերու յստակ առաւելութեան:
Անօդաչու սարքերը՝ որպէս նորոյթ կիրարուած զէնք, բոլոր ռազմական հարցերու մասնագէտներու ուշադրութեան առարկան դարձաւ, իր ճշգրիտ հարուածային եւ անաղմուկ թռիչքի առաւելութիւններով, ի բացառեալ հայկական կողմին, որ դեռ ե՛ւս հեւքոտ ճիգի մէջ է, ապահովելու անգործնական զինամթերք, ինչպիսի են օդանաւներ առանց հարուածող հրթիռներու եւ անորակ` Յորդանանեան մատակարարութեամբ անօգուտ սարքերու:
Մինչ թրքական ընկերութիւններ տարիներու վրայ երկարած իրենց ռազմա-արդիւնաբերական կարողականութիւնը, ոչ միա՛յն կը զարգացնեն , ա՛յլ համապատասխան հանրային արդիւնաբեարական ընկերութիւնները, սկսան վայելելու կառավարական գերտեսչութիւնններու ուղղակի հովանաւորութիւնը ու նիւթական անսահմանափակ աջակցութիւնը, մանաւանդ Պայրաքտարի արտադրութիւնը, երբ մանաւանդ անոր սեփականատէրը դարձաւ նաեւ փեսան, երկրի իշխող նախագահին:
Տարիներէ ի վեր զարգացող վերեւ յիշուած հանգամանքը, պատճառ դարձաւ, որ Ատրպէյճան նուազ կարեւորութիւն տայ հրէական մակնիշներով անօդաչու սարքերուն, զանոնք փոխարինելով աւելի կործանիչ Պայրաքտարներով, ու այս մէկը օր ցերեկ համաշխարհային տեղեկանքով: Մենք , որ արհեստավարժ մասնագէտները չենք այդ ոլորտին, երբ մեր ուշադրութեան կիզակէտը դարձաւ այս մէկը, բազմիցս հանդէս եկանք այս գծով, մինչ հայկական կողմը իր խորունկ թմբիրին մէջ է, իր յետախուզական համակարգով, անօդաչու սարքերու «նարկիլայի ջուրի» նման գերատեսուչթիւններու նախագահներու փոփոխութիւններով եւ բարձր քաղաքական այրերու ամուլ ուղղորդումներով, որոնք զբաղած են ընդդիմախօս լռեցնելու դաւադիր աշխատանքներով: Կը զարմանամ այս ամլութեան, որ պատճառ դարձաւ անհաւասար մարտերու զոհասեղանին՝ մատաղ ներակյացնել հազարաւոր հայորդիներու մատղաշ կեանքերը, երբ նոյնի՛սկ յականէ անուանէ հնարաւոր էր խնայել զանոնք՝ պատերազմը կասեցնելով դեռ եւս չթէժացած ժամկէտերուն:
Իսկ «մերոնք»՝ մեկնած «բարի դրացիութեան» սին քաղաքական արշաւներէ, այդ թեման կը գերակայեն այլ կենսական նշանակութիւն ունեցող ազգի ու հայրենիքի լինել-չլինելու կարգախօսներէ ու աչքաթող կ՛ընեն Թուրքիոյ թուրանական բացայայտ ծրագիրները, Հայաստանն ու հայութիւնը յօշոտելու վաղեմի իրենց երազներով: հետեւաբար, Պէտք է յստակ դառնայ, որ մեր պաշտպանուածութիւնը կը կայանայ այն ռազմավարական սկզբունքին վրայ, ուր որեւէ մէկ բանակցութեան, նախ պարտադրենք Թուրքիոյ՝ ընդունելու Ցէղասպանութեան իրողութիւնը ու այդ արարքի հատուցման գործընթացի պատկերացումի ճանապարհի քարտէզ ուրուագծելը: Դրացիութիւնը պայմանաւորուած պէտք է ըլլայ ու խարսխուած այս conditio sine qua non կարգախօսով: Մինչ Թուրքիա, յոխորտանքով կը գովերգէ իր Պայրաքտարը՝ ըսելով, որ «մեր սարքերու արդիւնաւէտութիւնը սքանչացուցին ողջ աշխարհը»: Թուրքիա կը նկրտի իր չակերտեալ քաղաքական խորամանկութեամբ, տարուբերել Ռուսաստանն անգամ, որ զբաղած է միայն ապահովելու եւ կուտակելու նիւթական շոշափելի տուեալներ, խնամիութիւն խաղալով գորշ գայլի վոհմակներու պետութեանց հետ, կազի եւ նաւթի ագահութեան դիմաց, զիջելով հարաւային Կովկասի մէջ իր ունեցած առ այսօր՝ յստակ ռազմավարական առաւելութիւնը:
Ըստ երեւոյթին Թուրքիա պիտի յաջողի ծախել այն պատրանքը, որ ինք կը միտի ճամբար փոխել կամ ստեղծել ուրոյն եւ անկախ ներկայութիւն տարածքաշրջանին մէջ, երբ մանաւանդ փափաք կը յայտնէ ռազմական սարքերը համալրել ռուսական 35-ով եւ Էս․ 400 սարքերով, «նախանձը» շարժելով ու միեւնոյն ժամանակ բարկութեան ջերմաստիճանը բարձրացնելով արեւմտեան գերպետութիւններու մօտ:
Արդ, Ռուսաստան աւելի զգօն մօտեցում պէտք է ցուցաբերէ այս մարտավարութեան ի տես, մանաւանդ ուքրայինական (Խրիմի) զինպահեստանոցներուն մէջ թրքական զինանոցի առատութեան նկրտումներուն հանդիսատեսը ըլլալով: Այլապէս, ,Գորշ գայլերե-ու քաղցած վոհմակը, պիտի շրջանցէ Ռուսաստանի հաշուարկները եւ շատ դիւրին պիտի յօշոտէ՝ դեռ ե՛ւս իր թմբիրին մէջ տատանող ,Մեծ Արջը»:
Վերջապէս, այսօրուայ իրավիճակով՝ պէտք է ընդունինք, որ Պայրաքտարը դարձաւ թուրքին հպարտանք, իսկ մեզ համար ամօթի խարան:
Սպասելով Հայկական ազդու հակահարուածող համպատասխան լազերային սարքերու գործնական ներկայութեան…
Հայերը եթէ իրենց նկարագրի խոցելի անկիւնները կլորցնել չսորվին ոչ մէկ արդիւնաբեր քայլ կրնան կիրարել ։ Արթննալու ենք ազգովին ։ Եթէ պարտութեան այս ամօթալի իրողութիւնը չյաջողեցաւ այդ սուր անկիւնները մեր կենցաղէն տաշել և չեզոքացնել , տակաւին չեն գիտեր քանիցս պիտի անարգուինք ։ Մեր տխուր վիճակէն արթննալ չենք ուզէր ։