ՉԼՌՈՂ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՍՊԱՍՈՒՈՂ ԱՆՍԵԹԵՒԵԹ  ԽՕՍՔԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 24 Second

Յ. Պալեան

Գրող մը իր հայրենակիցներու եւ ժամանակակիցներու չեզոք դատաւորը չէ: Ան մեղսակից է իր երկրին մէջ կամ հայրենակիցներուն կողմէ կատարուած բոլոր չարիքին համար:

Ալեքսանդր Սոլժենիցին

Նոպէլեան մրցանակի առիթով գրուած եւ չարտասանուած ճառէն

 

            Անվերջանալի ցոյցերով  երկիր կը կառավարուի՞, կը յառաջդիմէ՞:

            Հայաստանի Telegram կայքին վրայ կարդացի Հռիփսիմէ Ջեբէջեանի ցոյցի մը թղթակցութիւնը: Կը խօսի դերասան Արտաշէս Ալեքսանեանի ելոյթի մասին, 7 սեպտեմբեր 2020ին: Ցոյցը՝ «Կամք» շարժման կազմակերպած հանրահաւաքն է, «երթ եւ բողոքի ցոյց», «պահանջում էին ԿԳՄՍՆի, (Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարար) Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը»: Ի դէպ, մինչեւ ե՞րբ սպորտ եւ ոչ մարմնամարզութիւն:

            «Վաստակաւոր արտիստ, դերասան Արտաշէս Ալեքսանեան»ի խօսքը, այնպէս ինչպէս գրուած է թղթակցութեան մէջ, թեթեւ յապաւումներով կ’արտագրեմ:

            «Երկար ու ձիգ տարիներ, դարեր շարունակ մեր ազգին տարել են դէպի ոչնչացում, հայրենիքը հիմնայատակ կործանման, իսկ պետութիւնը՝ ի սպառ ոչնչացման: …Ասեմ ինչ են անում՝ հռչակագիր են խախտում, Արցախի խնդիր են վաճառում, արժեհամակարգ ոչնչացնում, սերունդների ապագան ու հաւատը գողանում, եկեղեցին ոտնահարում, հերոսներին արժեզրկում, արտաքին յարաբերութիւններ վատթարացնում, երկրի ընդերք են վաճառում, վկայ՝ Ամուլսարը: … Աւանդական ընտանիքներ են արժեզրկում, օրէնքով բիւջէ են թալանում, գիւղացուն անտեսում, հասարակութիւնը պառակտում, գործազրկութիւնն աւելացնում, կոնվենցիաներ ընդունում, արտագաղթն աւելացնում: …Եւ այս յեղափոխութի՞ւնն էր աւելի կարեւոր, քան արցախեան ազատամարտը, որտեղ զոհուեցին մեր հայրերն ու եղբայրները, մարտիրոսուեցին ու սրբացան մեր մայրերն ու քոյրերը: Նրանք զոհուեցին յանուն ոչնչի՞: Ովքեր որ յանձն վերցրեցին հային տանել դէպի ոչնչացում, ես ասում եմ նրանց՝ դուք իրաւունք չունէք մարդ կոչուելու, մենք էլ իրաւունք չունենք ձեզ երկիր տալու: …այս պայքարը, այս ուղին նոր Մայիսի 28-ի ուղին է»: (Ընդգծ. Յ.Պ.)

            Ամբաստանագի՞ր, զրպարտագի՞ր… Այսքան լուտանքներ լսող քաղաքացին ի՞նչ պիտի ուզէ ընել. յեղափոխութի՞ւն եւ յեղափոխական դատարաննե՞ր, ֆրանսական կիյոթի՞նը պիտի բերէ Օփերայի հրապարակ, կամ փէշերը հաւաքէ, առնէ կին ու երեխայ, դառնայ գաղթական, Միջերկրական ծովուն վրայ յածող միկրաններուն (migrants) պէս,  հասնի Լեսպոս կամ Լամբետուզա, կամ նման կայքեր:

            Այս ըսուածները երեւակայական աղէտի մը գրական հնարանքնե՞ր են, ճի՞շդ են, իրականութի՞ւն են:

            Հայաստան ունի դատարաններ, Ազգային Ժողով, Անվտանգութեան Ծառայութիւն, Նախագահ, վարչապետ, նախարարներ, մամուլ: Ըսուածները անհիմն լուտանքնե՞ր են, պետական համակարգը զրպարտո՞ղ, թէ՞ հիմնաւոր են: Երկու պարագաներուն ալ դատարան պէտք է երթալ: Օրինակ, նախագահը պէտք է պահանջէ դատարանէն հարցը քննել, պատասխանատուութիւնները ճշդել եւ վճռել: Շարքային քաղաքացին չի կրնար իր ձայնը լսելի դարձնել, կը կրէ ըսուածին լախտի հարուածը, կրնայ տրտնջալ, եւ հոն կը մնայ:

            Հոս կը սկսի ժողովուրդի մը բարոյական հեղինակութիւնը կրողներուն պարտականութիւնը, աշխարհիկ թէ հոգեւոր: Այսինքն՝ համագումար՝ հոգեմտաւոր իշխանութիւնը պէտք է ոտքի կանգնի, հակազդէ, դարմանելու համար ախտավարակ կացութիւնը:

            Մտաւորականութիւնը ունի չլռելու պարտաւորութիւն, ի դէմս ազգին եւ պատմութեան:

            Ըսուած խօսքը բազմաշերտ ամբաստանագիր է, կամ՝ զրպարտագիր: Ի՞նչ բանի համար են Սահմանադրութիւն եւ դատարաններ, եթէ չճշդեն, որ տասնըհինգ կէտերով եղած հաստատումները հիմնաւոր ամբաստանութի՞ւն են, թէ՞ անհիմն ու չարամիտ զրպարտութիւն, մանաւանդ՝ չվճռեն: Հայաստանի, ինչո՞ւ ոչ նաեւ բազմագոյն սփիւռք(ներ)ի իրենց կոչումին արժանի գրողներ եւ մտաւորականներ, որպէս ազգին կողմէ լիազօրուած խիղճ, պիտի չզօրակցին ամբաստանողներուն եւ ամբաստանութիւններուն, եթէ անոնք ճշմարիտ են, կամ պիտի չծառանան զրպարութիւններու եւ զրպարտողներու դէմ՝ յանուն  ճշմարիտին եւ արդարին:

            Գրողը եւ մտաւորականը հրահանգ եւ հրաւէր պիտի չսպասեն ըստ իրենց խիղճին խօսելու համար:

            Ալեքսանդր Սոլժենիցին Նոպէլեան մրցանակը ստացաւ: Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Օսլօ պէտք է երթար իր մրցանակը ստանալու եւ այդ առիթով իր խօսքը ըսէր: Ան այդ ճառը գրեց, բայց Օսլօ չգնաց եւ այդ ճառը չարտասանեց: Այդ չարտասանուած ճառին մէջ խիստ ուշագրաւ եւ հզօր խօսք ունի, որուն իմաստութիւնը այսօր պէտք է ներշնչէ հայ իրա՛ւ մտաւորականը, ի տես եւ ի լուր Հայաստանի երեսուն տարիներէ ի վեր տեւող կացութեան, որ կը խոչնդոտէ ազգի եւ հայրենիքի վերականգնումը, տոկալու եւ տեւելու կամքը: Արտաշէս Ալեքսանեան, իր խօսքին սկիզբը կ’ըսէ. «Երկար ու ձիգ տարիներ, դարեր շարունակ մեր ազգին տարել են դէպի ոչնչացում, հայրենիքը հիմնայատակ կործանման, իսկ պետութիւնը՝ ի սպառ ոչնչացման»:

            Կարդալէ ետք այս տողերը, ինչպէ՞ս չմտածել Ալեքսանդր Սոլժենիցինի չարտասանուած (բայց հրատարակուած) խօսքին մասին, որ մտաւորականութեան, բայց նաեւ իւրաքանչիւր գիտակից հայու համար ճամբացոյց պէտք է ըլլայ:  Այդ խօսքը հզօր պատգամ է. «Գրող մը իր հայրենակիցներու եւ ժամանակակիցներու չեզոք դատաւորը չէ: Ան մեղսակից է իր երկրին մէջ կամ հայրենակիցներուն կողմէ կատարուած բոլոր չարիքին համար»: (Հատուած՝ Ա. Սոլժենիցինի Նոպէլեան մրցանակի առիթով գրուած եւ չարտասանուած ճառէն):

            Ինչպէ՞ս վերջ տալ լաւ բան չխոստացող լռութեամբ մեղսակցութեան:

            Հայաստանի մտաւորականը, գրողը, ակադեմիկոսը, գրականագէտը, գիտնականը, արուեստագէտը պէտք է խօսին, լուսաբանեն ժողովուրդը, անոր ըսեն, թէ ժողովրդավարութեան ուժը ինք է, որ ժողովրդավարութիւնը կ’ըլլայ ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար: ժողովուրդ՝ որ ազգ է, որ ունի բազմադարեան հայրենիք, պատմութիւն, ինքնութիւն, մշակոյթ, աւանդութիւն, որուն լինելութիւնը այլ տեղ եւ այլոց արժեչափերով, այլ տեղերէ եկած տիքթաթներով չ’որոշուիր: Ազգ մը եւ անոր հայրենիքը գիտական աշխատանոց (լապորաթորիա) չեն: Ճապկումներէ հեռանալով երթալ դէպի փորձութիւննհրէ անցած եւ անցնող ժողովուրդը, որ իր ընդոծին եւ բնական ողջախոհութեամբ կը հասկնայ եւ կը հետեւի:

            Համացանցը այսօր կրնայ իրականացնել հայ մտաւորականութեան (Հայաստան-Սփիւռք) միացումը, եւ լռութեան կամ պաշտօնամոլութեան եւ երեւելիապաշտութեան  մեղսակցութիւնը յաղթահարել, անհանգստանալու գնով, ոտքի կանգնիլ, ազգը, հայրենիքը եւ պատմութիւնը դնել համագործակցութեան եւ արդարութեան ուղիի վրայ:

            Մտաւորականը կը դաւաճանէ իր կոչումին եթէ մնայ չեզոք հանդիսատես, վերջին հաշուով մեղսակից՝ սխալին եւ չարիքին:

            Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ քանի՞ ակադեմիկոս, քանի՞ վաւերական հայ գրող, քանի՞ հայ պատմաբան ունինք:

            Ասոնք պէտք է ըլլային ոգին Ազգային Ժողովին եւ առաջնորդէին նախարարութիւնները, եւ վերականգնէին ժողովուրդի սէրը, հաւատարմութիւնը եւ երազը: Որպէսզի ան ըսէ՝ թէ ա՛յս երկիրը իմ Հայաստանն է: Առանց անցնելու դասական կամ նոր համարուող կոխուած ուղիներէ:

            Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ եւ կրկին իրականացնէ մեր պատմութեան լուսաւոր մէկ պահու հրաշքը, երբ քաղաքականը, հոգեւորը եւ մտաւորականը ազգը փրկեցին, անոր տեւականացումը երաշխաւորեցին: Եւ փնտռել՝ Վռամշապուհ թագաւոր, Սահակ կաթողիկոս եւ Մեծն Մեսրոպ: Եւ յիշել՝ Ռ. Իշխանեանի մղկտացող ճիչը. «Այո՛, մենք չունեցանք մեր Սոլժենիցինը»:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles