Լրահոս
Չիլէի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ՍԱՆԹԻԱԿՕ.-Չիլէի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու Տան կայքը կը հաղորդէ, որ Ներկայացուցիչներու Տունը, Երեքշաբթի Ապրիլ 14-ին 77 թեր, 1 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայնով որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:
Չիլէի Ծերակոյտը Յունիս 5, 2007-ին միաձայնութեամբ ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղած իր կառավարութեան աջակցելու Մ.Ա.Կ.-ի ենթայանձնախումբի 1985-ի որդեգրած զեկուցումին, որուն միջոցով կը նախատեսուի մարդկութեան դէմ այս յանցագործութիւնը պատշաճօրէն նկարագրել իբրեւ ցեղասպանութեան յստակ օրինակ:


