
Վերջերս ստացանք Լոռի Ենիգոմշեանի երիտասարդ գրիչին պատկանող «Չէօրէկի վիշապը» մանկապատանեկան պատմուածքը, որուն նկարազարդումը կատարած է Գարին Ենիգոմշեան։ Անիկա կը ներկայացնէ պատմութիւնը փոքրիկն Արենիին, որ մանկական ամէն տեսակի նախասիրութիւններուն կողքին յատուկ սէր ունի մօրը պատրաստած չէօրէկին հանդէպ։
Իրականութիւնն ու երեւակայութիւնը շաղկապելով՝ Լոռի Ենիգոմշեան պատմուածքին մէջ տեղ կու տայ վիշապի մը, որ գաղտնաբար Արենիին չէօրէկները կը գողնայ եւ կ՛ուտէ։ Հետաքրքրական զրոյց կ՛ընթանայ Արենիին ու վիշապին միջեւ, որոնց անհասկացողութիւնը կը փարատի, երբ Արենի կը յաջողի վիշապը համոզել, որ կեանքի մէջ բաժնեկցիլը առողջ եւ օգտակար է։
Հետաքրքրական գրքոյկ մը, որուն պատկերները բաւական խօսուն են ու գրաւիչ, իսկ դէպքերուն ընթացքը, մանկավարժական մօտեցումով հարցերը լուսարձակի տակ առնելու ճիգը բաւական հաճելի կը դարձնեն ընթերցումը, նաեւ պատգամներ փոխանցելով փոքրիկ ընթերցողներուն։
Յատկանշական է այն, որ իւրայատուկ եւ նոր մօտեցումով գրուած պատմուածք է եւ յանձնարարելի է հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն։ Աւարտին նաեւ, անգլերէնով կը ներկայացուի այս պատմութիւնը։