
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Յուլիս 25, 2015
Երեւան
Սարգիս Կիրակոսեանի անմոռաց յիշատակին
Բառերը այսօր գլուխ խոնարհած
Որբացած են, տե՜ս:
Կը սպասեն որ գաս
օրհներգես զանոնք գրչիդ աղօթքով…
պարապ էջերուն վրայ տարածես
եւ կեանք շնորհես անկենդան գիծին՝
Մեսրոպի դէմքին գոհունակութեան ժպիտներ գծես…
Ինչո՞ւ այս հեւքը, սիրե՚լի Սարգիս:
Մկրտուած էիր աւազանին մէջ մեր սուրբ տառերուն,
Ինչո՞ւ ընտրեցիր մութ ճանապարհի արահետները:
Չգիտցա՞ր արդեօք, որ հիմա այստեղ երեսուն ութ տառ
Բողոքի ցոյցի պիտ՚ ելլեն խիզախ
Պիտի պահանջեն ետ գաս, օրհներգես
Եւ շարունակես ճանապարհն Մեծաց…
Բայզ աւաղ, հիմա օրերը դաժան
Պարուրեր են քեզ լռութեամբ անհուն:
Բառերդ սակայն, սիրե՚լի Սարգիս,
Պիտ՚ հեգնեն բոլոր տատասկներն մահուան
Պիտի շեփորեն, որ կա՚ս, կը մնա՚ս…
Չերթայի՚ր, Սարգի՚ս…