
Հայաստանի եւ Չեխիոյ մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ մշակութային համագործակցութեան ծրագիրի ծիրէն ներս, Հայաստանի անկախութեան 25 եւ Ամսթերտամի մէջ տպագրուած Ոսկան Երեւանցիի առաջին հայերէն Աստուածաշունչի 350-ամեակներուն առիթով, Հոկտեմբեր 12-ին, Չեխիոյ ազգային գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայ գիրքարուեստը դարերու ընդմէջէն» խորագիրով ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին` հայ հնատիպ գիրքերու մօտաւորապէս 75 եզակի նմուշներ, ժամանակակից չեխական գրականութեան նմուշներու հայերէն տպագրութիւններ, չեխերէն թարգմանութեամբ հայ գրողներու գործերը: Կատարուեցաւ նաեւ համատեղ հրատարակուած ցուցահանդէսի ծաւալուն պատկերագիրքին շնորհանդէսը:
Ցուցահանդէսը տեւեց մինչեւ Հոկտեմբեր 25, եւ եզրափակուեցաւ Հայկ Իւթիւճեանի խմբավարութեամբ «Քարլ» համալսարանի լարային նուագախումբին համերգով, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւնները` Զարեհ Սահակեանցի մշակումով:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ, ներկայացուեցան դասախօսութիւններ` տարբեր նիւթերով: