
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Ուրուկուայի նախագահ Խօսէ Մուխիքան, որուն պաշտօնավարութիւնը յառաջիկայ Մարտ 1-ին պիտի աւարտի, հանդիպեցաւ Ուրուկուայի հայ համայնքի անդամներուն:
«Գիտեմ, որ թուրքերը պիտի նեղանան, սակայն համոզուած եմ, որ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, եւ եթէ կրնամ օգտակար ըլլալ` սիրով համաձայն եմ ընդունելու այդ առաջարկը: Թուրքերը պէտք է սորվին համբերութիւն ունենալ, աշխարհի մէջ, պէտք է ըլլայ բազմակարծութիւն, եւ մենք պէտք է յարգենք այն, այլապէս հնարաւոր չըլլար ապրիլ»,֊ ըսաւ Մուխիքա, հանդիպման ընթացքին:Ան ընդգծեց հայ համայնքի ներդրումը Ուրուկուայի մէջ եւ կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ Ուրուկուայը առաջինը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Մուխիքան, ընդառաջելով հայ համայնքի խնդրանքին, համաձայնած է իր բարձր հովանաւորութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100֊րդ տարելիցի առթիւ Ուրուկուայի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:
Նախագահ Մուխիքայի օրերուն, Ուրուկուայի մէջ օրէնք ընդունուեցաւ Մոնթեվիտէոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու վերաբերեալ:
Դեկտեմբեր 2004-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Ուրուկուայի նախագահ ընտրուած է Թապարէ Վասքէսը, որ պետութեան ղեկավարի պաշտօնին Խօսէ Մուխիքային պիտի փոխարինէ այս տարուան Մարտ 1֊ին: