Կրկնութիւն չէ…այլ եղելութիւն մըն է…փաստագրական եղելութիւն մը, նշել թէ Անգարայի մէջ, նախագահ Օպամա կորսնցուց առիթ մը՝ յարգելու իր հրապարակային կերպով կատարած խոստումը՝ ճանչնալու Հայոց Եղեռնը…
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու երթալով, Օպամա իր նախագահական թեկնածութեան օրերուն, քաջութիւնն ու համոզումը ունեցած էր, պահանջելու Թուրքիայէն, որ ճանչնայ Հայոց Եղեռնը եւ վերջ տայ Հայաստանը շրջափակման ենթարկելու կեցուածքին, որ կը շարունակուի Ատրպէյճանի հետ համադրութեամբ:
Այսուամէնայնիւ, խստօրէն ուշագրաւ է նաեւ, այն երեւոյթը որ Օպամա, Թուրքիոյ նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մատնանշած է թէ, իր անձնական կարծիքը կը մնայ անփոփոխ եւ թէ ինք կը շարունակէ 1915ի դէպքերը Եղեռն նկատել, սակայն վերջերս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցման գործընթացի մը ազդանշանը տրուած է եւ ինք կþուզէ այդ ստեղծուած մերձեցումը քաջալերել եւ ոչ մէկ խոչընդոտ ստեղծել:
…Ի՞նչ էր պատահածը, Ապրիլ 6ին Պոլսոյ մէջ:
Անցեալ Սեպտեմբերէն ազդանշանը տրուած…եւ քիչ մըն ալ սպասուածէն շատ աւելի երկար տեւած, կլոր գնդակի՝ ֆութպոլի քաղաքականութեան արդի՞ւնք, թէ պարզապէս »փրոթոքոլային« մեղմ մօտեցում մը, ստեղծուած գոյավիճակ մը՝ կացութիւն մը անխախտ պահելու համար:
Դեռ այս հարցադրումներուն վրայ, աւելցնել Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի »երկմտանքային« այցն ու աւելին…քիչ մըն ալ Արեւելք տեղափոխուելով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անդրդուելի »ոչ«ը՝ ժամանելու Պոլիս:
Եթէ Նալպանտեանի ստեղծած անորոշութիւնն ու երկմտանքը, որոշ ենթադրութիւններու դուռ բացաւ, Ալիեւի անդրդուելի »ոչ«ն է, որ աւելի կեդրոնացուց դէտերու եւ մասնագէտներու ուշադրութիւնը: Ոչ մը, որ մնաց անփոփոխ, հակառակ թափուած բոլոր ճիգերուն: Նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահ Կիւլի եւ Մ. Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի անձամբ միջամտութիւնները ապարդիւն դուրս եկած էին:
…Այս բոլոր կատարուած իրողութիւններու ետին թաքնուած կացութիւններն ու իրավիճակները յառաջիկայ շաբաթներուն, աւելի յստակօրէն պիտի վերլուծուին եւ պարզաբանուին: Ի վերջոյ, նախագահ Օպամա քաջատեղեակ է եւ Տարֆուրի դէպքերը փաստ՝ թէ, Եղեռնի արդար ու պատշաճ ճանաչում մը պատանդ չի կրնար առնուիլ օտար կառավարութեան մը ճնշումներով:
Հայրենիք
Ապրիլ 10, 2009