Լրահոս
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդունեց Բանաձեւ Մը՝ Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը՝ ի յիշատակ հայոց ցեղասպանութեան, վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը ապագայ սերունդներուն յստակ կրթութիւն շնորհելու, մարդկային մեծագոյն ողբերգութիւնները կանխարգիլելու նպատակով։

