
Հինգշաբթի, Յունիս 16-էն ի վեր, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայկական թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին արդի արուեստի արժէքաւոր եւ թանկագին գործեր։
Ցուցադրուող գործերը Ա․Մ․Ն․-ի արեւմտեան ծովափին մէջ գործող արուեստագէտներու կտորներն են, որոնք կը պատկանին Ճօան (Աղաճանեան) եւ Ճէք Քուին ընտանիքին։ 1970-էն 1990 պատրաստուած այս գործերը կը պատկանին բազմաթիւ արուեստագէտներու, որոնց կարգին՝ Լիթա Ալպըքըրքի, Ճոն Ալթուն, Ժան-Միշէլ Պասքիա, Լինտա Պենկլիս, Քլէր Ֆալքընշթայն, Վայճա Սելմինս, Կրեկըրի Ուայլի Ետուըրտս, Ֆրանք Կեհրի, Տէյվիտ Հոքնի, Ճոն Մ․ Միլըր, Հելմըթ Նիւթըն, Ետ Ռաշա, Էնտի Ուարհոլ եւ այլ։ Անոնց պիտի ընկերանան Ճօան Աղաճանեանի պատկանող հայ արուեստագէտներու գործերը։
«On the edge: Los Angeles Art 1970s-1990s» ցուցահանդէսը առաջին անգամ կազմակերպուեցաւ 2021-ին, Քալիֆորնիոյ Պէյքըրսֆիլտի թանգարանին մէջ, մասնակցութեամբ մասնագէտ Ռէյչըլ ՄըքՔալըհ-Ուէյնռայթի։
«Արտասովոր եւ նորութիւն փնտռող եւ արտայայտող գործեր են», կը յայտնէ ՄըքՔալըհ-Ուէյնռայթ։
Այս ցուցահանդէսին հետ ընկերացող «Discovering Takouhi: Portraits of Joan Agajanian Quinn» ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ Նաթալի Վարպետեանի եւ Ճինա Գրիգորեանի կողմէ ներկայացուած հայ արուեստագէտներու գործեր, որոնց կարգին՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան, Տալիա Էլ Սայէտ, Ժան Գազանճեան, Արա Օշական, Զաւէն Սարգիսեան եւ Արամ Սարոյեան։ Ճօան Աղաճանեանի տրամադրութեան տակ կը գտնուին աւելի քան երեք հարիւր հայ արուեստագէտներու նմանօրինակ գործեր։
«Մեծ խանդավառութեամբ կը ցուցադրենք տիկին Աղաճանեանի եւ իր դստերք՝ Ամանտայի եւ Ճենիֆըրի հաւաքած այս գործերը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայկական թանգարանի ղեկավար Ճէյսըն Սոհիկեան։
Նշենք, թէ այս ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 30։
Այցելութեան ժամերն են․- Հինգշաբթիէն Կիրակի, կէսօրուայ 12-էն երեկոյեան ժամը 6։
Հասցէ․- 65 Main Street, Watertown, MA 02472.