Լրահոս
«Ոսկէ Ծիրան» 16-րդ Միջազգային Փառատօն
ԵՐԵՒԱՆ․- Յուլիս 14-ին աւարտեցաւ «Ոսկէ ծիրան» 16-րդ միջազգային փառատօնը, որ սկիզբ առած էր Յուլիս 7-ին:
Առաջին հանդիսացաւ բրիտանացի Ռիչըրտ Պիլիկհէմի «Ռէյ էնտ Լիս» ժապաւէնը, որ գերազանցեց Քանթեմիր Պալակովի «Պինփոլ»-ին։ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի այս տարուան տարբերանշանը փոխուած էր եւ կ՝արտայայտէր փառատօնի նոր կազմին ինքնատիպ մօտեցումը 16-րդ տարին իրականացուող իրադարձութեան: Տարբերանշանը կը ներկայացնէ հայերէն «Ծ» տառը: Այդ տառին միջոցով՝ տարբերանշանին հեղինակը փորձած է ստանալ փառատօնի խորհրդանիշ համարուող ծիրանը:


