Արուեստ Եւ Մշակոյթ

ՈՉ ԵՒՍ Է ՓՕԼ ՄՈԹԵԱՆ

Սուգի մէջ է ճազ երաժշտութեան եւ յատկապէս հարուածային գործիքներու աշխարհը: Արդարեւ, Նոյեմբեր 22-ին, յետ ոսկրածուծի բարդոյթներու արդիւնք, ութսուն տարեկան հասակին, իր մահկանացուն կնքեց հանրածանօթ թմբկահար Փօլ  Մոթեանը (ծանօթ` Մոշըն հնչումով):

Հայոց Ցեղասպանութէնէն ճողոպրած եւ Քուպայի ճամբով Միացեալ Նահանգներ ժամանած ընտանիքի զաւակ է Ստեփան Պօղոս Մոթեանը: Ծնած Մարտ 25, 1931-ին Ֆիլատելֆիոյ մէջ եւ ապա փոխադրուած` Փրովիտէնս, Մոթեան յիսունականներու սկիզբը բանակին ծառայելէ ետք, մուտք գործեց ճազ երաժշտութեան աշխարհէն ներս:

Նախապէս, փոքր տարիքին, կիթարի լարային աշխարհը զինք կը հետաքրքրէր, սակայն թմբուկն է որ եղաւ իր կեանքի մօտիկ բարեկամը:

Ան հռչակաւոր դաշնակահար Պիլ Էվընզի հետ գործակցեցաւ, ապա բազմիցս ելոյթ ունեցաւ դաշնակահար Քիթ Ճառէթի հետ:  Նաեւ, ան բազմիցս ելոյթներ ունեցած է փողահար Ճօ Լովանոյի, կիթարահար Պիլ Ֆրիզէլի, իտալացի դաշնակահար Էնրիքօ Փիեռանունսիի եւ այլ աստղերու հետ:

2004-էն ի վեր, Մոթեան կը մերժէր Նիւ Եորքէն հեռանալ եւ նոյնիսկ կարճ ճամբորդութիւններ կատարել: Մինչեւ վերջերս, ան կը շարունակէր իր ելոյթները, Նիւ Եորքի հանրածանօթ ճազի ակումբներէն` “Պըրտլէնտ“ի եւ “Պլունօթ“ի մէջ:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button