
Յունիս 22-ին, իր մահկանացուն կնքեց Պոպ Սիմոնեանը, որ տարիներ շարունակ Պոսթընի «Improper Bostonian» շաբաթաթերթի ղեկավար պատասխանատուներէն մէկն էր: Տարիներ շարունակ, ան իր ներդրումը ունեցած էր Սուրբ Յակոբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Ամերիկայի Հայկական Թանգարանի, «Armenian Tree Project»ի, «Վարդանի Ասպետներ»ու եւ այլ հայկական հիմնարկներու հետ:
1988-ի երկրաշարժին, ան շտապօրէն գործի լծուած էր, ապահովելու համար ամէն տեսակի օժանդակութիւն: Ան նոյնիսկ գործի լծեց Պոսթընի քաղաքապետութիւնը, որ երեսուն մասնագէտ բժիշկներ ուղղարկեց Գիւմրի:
Հայահոծ Ուաթըրթաունի հանրածանօթ դէմքերէն՝ Պոպ շարունակ գործած էր Հանրապետական Կուսակցութեան միջավայրէն ներս, եւ հետեւողականօրէն ծառայած ի նպաստ Հայ Դատին:
Սիմոնեանի թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Յունիս 28-ին: