ԳլխաւորԼրահոս

ՇՈՒԷՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ  Է ԻԶԱՊԷԼ ՏԻՆԿԻԶԵԱՆԸ

dingizian

ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- 52-ամեայ Իզապէլ Տինկիզեան (ծագումով Իրաքահայ) ընտրուած է Շուէտի խորհրդարանի (Ռիքստակ) փոխնախագահներէն մէկը։ Ծնած Պաղտատ 1962-ին, ան 2006-էն ի վեր մաս կը կազմէ խորհրդարանին: Իզապէլ Տինկիզեան մաս կը կազմէ բնութեան պաշտպան “Կանաչներ“ կուսակցութեան։ Շուէտի խորհրդարանական ընտրութիւնները կը կայանան քառամեայ դրութեամբ եւ կազմուած է 349 անդամներէ։ Սեպտեմբեր 29-ի կատարուած ընտրութիւններուն, Ուրպան Ահլին (Դեմոկրատական Կուսակցութիւն) ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախագահ:

Շուէտի խորհրդարանին՝ Ռիքստակի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Տինկիզեանի կողքին, փոխնախագահներ ընտրուած են՝ Թոպիաս Պիլշթրէօմ  (Չափաւորական Կուսակցութիւն) եւ Պիորն Սէօտըր (Դեմոկրատական Կուսակցութիւն): Տինկիզեան երրորդ փոխնախագահն է:p1 dingizian-sweden_1-

Advertisement Subscribe Today

Ան խորհրդարանին մէջ անդամ եղած է մշակութային հարցերու յանձնախումբին, փոխ անդամ՝ շարք մը յանձնախումբերու մէջ, ներառեալ՝ աշխատանքի շուկայի եւ կրթութեան յանձնախումբերուն:

Տինկիզեան ընտրուած է Սթոքհոլմ գաւառի խորհուրդի ընտրամասէն:

Իզապէլ Տինկիզեանի քոյրը՝ Մաթիլտա Տինկիզեան – Մեթթալա մասնագիտացած է երաժշտութեան պատմութեամբ: Ան յատուկ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Պոսթընաբնակ հայ երաժիշտ Ալըն Յովհաննէսի երաժշտութեան մասին:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button