Լրահոս

ՇՆՈՐՀԻՒ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՊՈՔՍԸՐԻ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ՝ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՄՆԱՑ ԱՌԿԱԽ

Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ծե­րա­կոյ­տի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բը, Երեք­շաբ­թի, Սեպ­տեմ­բեր 21-ին, քու­է­ար­կու­թեամբ հա­ւա­նու­թիւն տուած էր Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նոր դես­պան­նե­րու պաշ­տօն­նե­րուն հա­մար, նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա­յի կող­մէ նկա­տի առն­ուած թեկ­նա­ծու­նե­րէն՝ Մա­թիու Պրայ­զա­յին, որ­պէս­զի ստանձ­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նի պաշ­տօ­նը: Սա­կայն մե­տա­սա­նե­րորդ պա­հուն, Ծե­րա­կու­տա­կան Պար­պը­րա Պոք­սըր մի­ջամ­տած էր, յայտնե­լով թէ Պրայ­զա՝ Ար­ցա­խի վրայ կա­տար­ուած Ատր­պէյ­ճա­նի հե­տե­ւո­ղա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն գծով, միշտ ալ ան­տար­բե­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րած է, երե­ւոյթ մը որ մտա­հո­գիչ նկա­տեց: Այսպէս, Պրայզայի թեկ­նա­ծու­թեան առն­չու­թեամբ, վերջնական քու­է­ար­կու­թիւն տե­ղի չու­նե­ցաւ:

Նոյ­նան­ման վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ յայտ­նած էր նա­եւ այլ ծե­րա­կու­տա­կան մը՝ Ռո­պըրթ Մե­նեն­տէս (Դե­մոկ­րա­տա­կան – Նիւ Ճըր­զի): Նշենք թէ, նա­խա­պէս ալ, Պրայ­զա ստիպ­ուած եղած էր պա­տաս­խա­նե­լու հա­յա­մէտ ծե­րա­կու­տա­կան­ներ Պար­պա­րա Պոք­սը­րի եւ Ռոպըրթ Մենետէսի խիստ հար­ցում­նե­րուն, եւ անոր պա­տաս­խան­նե­րը միշտ ալ կցկտուր եղած էին: Սոյն հար­ցադ­րում­նե­րը կը վե­րա­բե­րէ­ին Ար­ցա­խի հար­ցը լու­ծե­լու գոր­ծին մէջ Պրա­յզա­յի կողմ­նա­կալ դիր­քո­րո­շու­մին, Պոլ­սոյ մէջ իր հար­սա­նի­քին հա­մար ստաց­ուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նոց­նե­րը քան­դե­լու օրե­րուն անոր ան­տար­բե­րու­թեան, ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քին առն­չու­թեամբ անոր ան­թոյ­լատ­րե­լի դիր­քո­րո­շու­մին:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button