ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ «ԱՆՑՈՂԻԿԸ ԵՒ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻՆ» ԳՐԱԳԷՏ Մ. ՊՉԱՔՃԵԱՆԻ ԳՈՐԾԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

0 0
Read Time:6 Minute, 10 Second
Կը կատարուի «Անցողիկը եւ Անժամանցելին» գիրքին գինեձօնը
Կը կատարուի «Անցողիկը եւ Անժամանցելին» գիրքին գինեձօնը

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Շի­քա­կո­յի Հա­մազ­գա­յին Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան գրա­կան յանձ­նա­խում­բի« Կի­րա­կի Հոկ­տեմ­բեր 18« 2009ի յետ­մի­ջօ­րէ­ին« Հայ Կեդ­րո­նի Շահ­նա­զար­եան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ֆրան­սա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան« ար­ձա­կա­գիրևբա­նաս­տեղծ Մով­սէս Պչաքճ­եա­նի վեր­ջին երկ­հա­տոր վէ­պին գի­նե­ձօ­նը: Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. Զա­րեհ Ա. քհնյ. Սա­հակ­եան« Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի նախ­կին աշա­կեր­տու­հի­ներ եւ շուրջ 80 գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւն մը:

Հան­դի­սու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րեց Շի­քա­կո­յի Հա­մազ­գա­յի­նի ատե­նա­պետ Յա­րութ Մի­քա­յէլ­եան »Ասում են թէ« եր­գը մեկ­նա­բա­նեց Յա­րութ կէն­տիմ­եան: Այ­նու­հե­տեւ Յա­րութ Մի­քա­յէլ­եան ներ­կա­յա­ցուց յար­գե­լի մտա­ւո­րա­կա­նը եւ ապա թուե­լէ ետք գրա­գէ­տի հաս­ցէ­ին եղած վկա­յու­թիւն­նե­րու շար­քը« ըն­թեր­ցեց ար­ժան­թի­նաբ­նակ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան եւ Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի նախ­կին պաշ­տօ­նա­կից Պետ­րոս Հաճ­եա­նի վկա­յու­թիւնը: Գրա­գէ­տի նախ­կին աշա­կեր­տու­հի­նե­րէն Ռի­թա Առա­քել­եան ներ­կա­յա­ցուց Մ. Պչաքճ­եա­նի դա­սըն­կե­րու­հի՝ Մատ­լէն Մար­տի­րոս­եա­նի ճե­մա­րա­նա­կան յու­շե­րը ճե­մա­րա­նա­կան­ներ« Թա­լին Պոյ­րազ­եան եւ Ռո­զիկ Սազ­եան »Ան­ցո­ղի­կը եւ Ան­ժա­ման­ցե­լին« երկ­հա­տոր գրքէն մէջ­բե­րում­ներ կա­տա­րե­ցին: Իսկ Անի Վար­դան­եան եւ Յա­րութ Կէն­տիմ­եան կար­դա­ցին Էլիզ Շա­րապխան­եա­նի գրա­խօ­սա­կա­նը:

Պետրոս Ալեքսանեան Մեսրոպ Մաշտոցի ոսկեայ մետալով մը
Պետրոս Ալեքսանեան Մեսրոպ Մաշտոցի ոսկեայ մետալով մը

 Ըստ գրա­խօ­սին.և »գիր­քը կա­րե­լի է կար­դալ քա­նի մը մա­կար­դակ­նե­րու վրայ: Ան սի­րոյ պատ­մու­թիւնն է գրքի հե­րոս Յով­սէ­փին եւ հրէ­ա­կան եւ ֆրան­սա­կան խառն ծա­գու­մով Վե­րո­նի­քին: Ան նա­եւ իր ինք­նու­թեան գի­տա­կից սփիւռ­քա­հա­յու տուայ­տանքն է օտար մթնո­լոր­տին մէջ« այս պա­րա­գա­յին՝ Փա­րի­զի մէջ: Այն բա­ցա­յայ­տումն է »գրող«ի նե­րաշ­խար­հին ու անոր իրե­րը տես­նե­լու յա­տուկ եղա­նա­կին: Ան նկա­րագ­րու­թիւնն է հայ ըն­տա­նի­քի աւան­դա­կան կա­պե­րուն« որոնք սեղմ են ու ջերմ« յա­ճախ շնչա­հեղձ ընե­լու աս­տի­ճան եւ խո­տոր կր հա­մե­մա­տին արեւմտ­եան բա­րիք­նե­րուն: Ան ցա­սում մըն է նիւ­թա­պաշ­տու­թեան եւ ըն­չա­քաղ­ցու­թեան դէմ: Ան վեր­լու­ծումն է այր մար­դու սե­ռա­յին մղում­նե­րուն եւ անոնց որ­պէս ար­դիւնք տրա­մա­բա­նու­թեան բա­ցառ­ման: Ան կը պա­րու­նա­կէ երե­ւա­կա­յու­թեան մեծ ոս­տում­ներ« որոնք այ­լա­բա­նու­թեան կը դի­մեն պատ­կե­րե­լու հա­մար այն« ինչ որ »գրող«ը կը զգայ« սա­կայն չի կրնար հա­ղոր­դել »աշ­խար­հին մաս կազ­մող« տա­րա­ծում­նե­րով: Մա­նա­ւանդ« ան մի­ջոցն է« որ Պչաքճ­եա­նի ըն­թեր­ցո­ղին փո­խան­ցէ իր աշ­խար­հայ­եաց­քը« իր կեան­քի ըմբռ­նու­մը« իր հո­գե­կան ու­րա­խու­թիւն­նե­րը« իր էու­թիւնը« որ մե­զի կը ներ­կա­յաց­ուի խոր« զննո­ղա­կան եւ վեր­լու­ծա­կան մօ­տե­ցու­մով«:

Ապա բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ յար­գե­լի գրա­գէ­տը« որ առա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­մազ­գա­յի­նի տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղին եւ ապա ընթեր­ցեց եր­կու քերթ­ուած իր գոր­ծե­րէն:

Լուսանկարները՝ Մարալ Աբրահամեանի
Լուսանկարները՝ Մարալ Աբրահամեանի

Այ­նու­հե­տեւ« յա­նուն Շի­քա­կո­յի Հա­մազ­գա­յի­նի« երէց ան­դամ Պետ­րոս Ալեք­սան­եան Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ման­րան­կա­րով պատ­րաստ­ուած ոսկ­եայ մե­տա­լով մը զար­դա­րեց Մ. Պչաքճ­եա­նի կուրծ­քը:

Յայտ­նենք« որ գրա­գէտ Մով­սէս Պչաքճ­եա­նի »Ան­ցո­ղի­կը եւ Ան­ժա­ման­ցե­լին« երկ­հա­տոր գիր­քին շնոր­հա­հան­դէ­սը նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի  եւ Գա­նա­տա­յի Շրջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րուն: Առա­ջի­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նիւ Եոր­քի մէջ եւ յա­ջոր­դա­բար այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ:

Մով­սէս Պչաքճ­եան ծնած է Հա­լէպ« ուր ան­ցու­ցած է իր ման­կու­թիւնն ու կա­նուխ երի­տա­սար­դու­թիւնը Կրթա­սի­րաց վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ ըլ­լա­լէ ետք միջ­նա­կարգ ու երկ­րոր­դա­կան ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է ծննդա­վայ­րի Քա­րէն Եփ­փէ Ազ­գա­յին Ճե­մա­րա­նէն ներս« իսկ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը Դա­մաս­կոս« հե­տե­ւե­լով անգ­լե­րէն գրա­կա­նու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րու: Հա­մալ­սա­րա­նը աւար­տե­լէ ետք վե­րա­դար­ձած է Հա­լէպ ու եօ­թը տա­րի­ներ դա­սա­ւան­դած է իր իսկ ու­սա­նած ճե­մա­րա­նէն ներս: Լի­բա­նան­եան նա­խա­պա­տե­րազ­մա­կան շրջա­նին« շուրջ վեց տա­րի­ներ ապ­րե­լէ ու գոր­ծե­լէ ետք մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի մէջ« ան­ցած է Փա­րիզ« Ֆրան­սա« ուր հոն եւս վա­րած է ու­սուց­չա­կան դիւա­նա­պե­տու­թիւնը: Տի­րա­պե­տած է հա­յե­րէն« անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րուն:

Յայտ­նենք նա­եւ« որ 2009 Սեպ­տեմ­բեր 21ին Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման 18րդ տա­րե­դար­ձին առի­թով« Հ Հ Նա­խա­գահ՝ պրն. Սերժ Սարգս­եան իրենց կը շնոր­հէ »Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի« պե­տա­կան մրցա­նա­կը:

Գի­նե­ձօ­նի աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն« որու ըն­թա­ցքին հե­ղի­նա­կը մա­կագ­րեց իր գիր­քե­րը: Ապա գրա­սէր ներ­կա­նե­րը առի­թը ու­նե­ցան մօտէն ծա­նօ­թա­նա­լու հիւր վի­պա­գի­րին:

ԹՂԹԱ­ԿԻՑ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles