Գլխաւոր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ` «Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՕՐ»-ՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

25 Հոկտեմբեր 2025-ին, Քալիֆորնիոյ հայ վարժարաններուն մէջ գործող աւելի քան 500 ուսուցիչներ, համախմբուած էին Ֆերահեան վարժարանին մէջ, մասնակցելու համար ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին կազմակերպած վերապատրաստման մասնագիտական սեմինարին, որուն բացման նիստին իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

Սեմինարի բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան: Ան իր որդիական ակնածանքը յայտնելով Նորին Սրբութեան՝ բարի գալուստ մաղթեց անոր, ինչպէս նաեւ՝ սեմինարի մասնակիցներուն։ Ան ըսաւ․- «Այս սրահին մէջ հաւաքուած ենք որպէս մշտական ուսանողներ։ Հաւաքուած ենք շուրջ 500 մասնագէտներով` հաւատարիմ մնալու մեր ազգային ինքնութեան ու առաքելութեան, որոնց գիտակցութեամբ մենք կը կատարենք մեր ամէնօրեայ ծառայութիւնը՝ բծախնդրութեամբ, պարտաճանաչութեամբ ու նուիրումով։ Մեր սփիւռքեան հարիւրամեայ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Սփիւռքի սիւնը կը հանդիսանայ հայ դպրոցը, ուր կը պատրաստուին ու կը թրծուին նոր սերունդները։ Հետեւաբար, բարձր գիտակցութեամբ է որ պէտք է կատարենք մեզի վստահուած ազգաշէն առաքելութիւնը, որպէսզի կարողանանք պատրաստել ապագայ հայը` իսկական արժէքներով զարդարուած եւ լուսաւոր տեսլականներով օժտուած»։ Իր խօսքը ուղղելով Նորին Սրբութեան՝ Ուրֆալեան յայտնեց, թէ վարժարաններն ու հաստատութիւնները ձեր պատգամներուն անսալով` կը մնան բերդերը ազգային աւանդութիւններու վերահաստատման։ «Այսօր այստեղ համախմբուած մեր մշակները պատիւն ու բախտը ունին անձամբ լսելու ձեր թելադրութիւններն ու պատգամները։ Ձեր հայրապետական խօսքերը մշտապէս պիտի հնչեն բոլորիս մտքերուն մէջ ու անոնց արձագանգը պիտի հասնի մեր նոր սերունդներուն` զանոնք ամրապնդելով մեր ազգային ու բարոյական բարձր արժէքներով», եզրակացուց ան։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին առաջին բաժինին մէջ, առաւելաբար նկատի ունենալով ամերիկացի ուսուցիչները, խօսեցաւ դաստիարակութեան զանազան երեսներուն մասին, յատկապէս շեշտելով դաստիարակութեան՝ որպէս կազմաւորում մօտենալու հրամայականը: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ միջավայրի ազդեցութեան, քննական մտածողութիւն զարգացնելու անհրաժեշտութեան, ընկերութեան կեանքէն ներս բարոյական արժէքներու զարգացման եւ արհեստագիտական միջոցներու ճիշդ օգտագործման ու դաստիարակութիւնը ճիշդ ուղղութեամբ կատարելու անհրաժեշտութեան, մանաւանդ ընկերային չարիքներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն:

Իր պատգամին երկրորդ բաժինին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ հետեւեալ չորս կէտերուն մասին`

ա) Ուսուցչութիւնը առաքելութիւն է

բ) Ուսուցիչը միայն ուսուցանող պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ՝ ուսանող

գ) Հայ դպրոցը ընտանիք է, եկեղեցի է, հայրենիք է

դ) Ուսումը միտք կը թրծէ ու կը լուսաւորէ, նաեւ նկարագիր կը կերտէ ու ինքնութիւն կը կազմաւորէ:

Հայրապետը իւրաքանչիւր կէտի լայնօրէն անդրադարձաւ՝ միշտ շեշտելով հայ դպրոցին ու հայակերտման առաքելութեան կարեւորութիւնը։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ` «Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՕՐ»-ՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 07:00-ին, Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Պաղրամեան» սրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, ներկայ գտնուեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»-ուան 10-րդ տարեկան տօնակատարութեան եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց այս առիթով։

Ամերիկայի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներէն, բացման ու յաւուր պատշաճի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան խօսքերէն եւ գեղարուեստական յայտագիրէն, ինչպէս նաեւ պատուոյ շքանշաններու տուուչութենէն ետք, խօսք առաւ նաեւ շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեռ Մանուկեան։ Ան յատկապէս ըսաւ. «Կը տօնենք մեր կազմակերպութեան 107-րդ տարեդարձը, ուր նաեւ կը վայելենք եւ կը պատուըուինք Նորին Սրբութեան ներկայութեամբ։ Վեհափա՛ռ Հայր, ձեր օրհնաբեր ներկայութիւնը մեզի համար մխիթարութիւն ու ներշնչում է։ Ձեր վաստակը մեր բոլորին ներշնչանքն է, յատկապէս մեր երիտասարդներուն, որոնք կը սորվին ձեզմէ՝ նայիլ ապագային հաւատքով եւ ծառայել առանց վարանելու։ Աղօթք կ՚ուղղենք առ Աստուած, որ շնորհէ ձեզի երկար, առողջ եւ խաղաղ տարիներ, որպէսզի շարունակէք առաջնորդել մեր ազգն ու եկեղեցին։ Կեցցէ՛ Նորին Սրբութիւնը. կեցցէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռը. կեցցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ոգին՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարիք մեր ժողովուրդին»։

Ատենապետին խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղէ ներկաներուն։ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ը էապէս դպրոց է եւ ո՛չ թէ սոսկ մարմնակրթական միութիւն։ Այս կ՚ուզեմ յիշեցնել Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ մեր ժողովուրդին՝ ամէն անգամ երբ առիթը ունենամ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին հետ ըլլալու: Ճիշդ է, իր արտաքինով, մեթոտներով, կազմակերպչական գործընթացքով ու աշխատանքներով մարմնակրթական միութիւն է ան, սակայն իր էութեամբ ու առաքելութեամբ դպրոց է: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը դպրոց է, որովհետեւ ան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան՝ մեր պատանիները թրծելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Սփիւռքի մեր կեանքէն ներս, ուր պայմաններու բերումով հայ դպրոց չկար, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղաւ հայ դպրոց: Նոյնը կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը այսօ՛ր եւս: Իմ հայրապետական թելադրութիւնս է, որ մարզական աշխատանքներէն անդին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը յատուկ կարեւորութիւն ընծայէ հայեցի դաստիարակութեան՝ հայուն մէջ հա՛յը կրթելով եւ հայուն ինքնութիւնը բիւրեղացնելով»:

Աւարտին, բոլորը միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button