Լրահոս
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ․- Հսկումի Արարողութեան Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Ուրբաթ, 13 Մարտին, մասնակցութեամբ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութեան Սրբոց Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ մէջ։
Արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Համայնքի քոյր կազմակերպութեանց շարքին, այս անգամ հիւրասիրութեան պատրաստութիւնը ստանձնած էր «Համազգային»ը։ Եկեղեցւոյ երիտասարդները ներկայացուցին սուրբ գրային ընթերցումներէ բաղկացած յայտագիր մը։
Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը արտայայտեց եկեղեցւոյ եւ «Համազգային»ի համագործակցութեան։
Հաւաքոյթը փակուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանի օրհնութեամբ։

