
Երկուշաբթի, Օգոստոս 23-ին, Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մեկնարկը տրուեցաւ այս տարեշրջանի «Շուշանիկ» ամառնային ճամբարին։
Պսակափեւ ժահրին պատճառով, մէկ շաբաթ տեւող ճամբարին մասնակիցներու թիւը սահմանափակուած էր յիսուն պատանիներու, որոնց կ՚ընկերանայ երեսուն հոգինոց անձնակազմ մը։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, այցելութիւն մը տուաւ ճամբարին, ուր հանդիպեցաւ մասնակիցներուն եւ ուսուցիչներուն, քաջալերեց զանոնք իրենց յանձնառութեան եւ մաղթեց, որ յառաջիկային բնականոն պայմաններու մէջ առաւել եւս ընդլայնեն անոնց գործունէութիւնը։