ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ
Բոլոր անոնք, որոնք լրջօրէն մտահոգուած են ազգի ճակատագրով մանաւանդ Սփիւռքի այլասեռող պայմանները նկատի ունենալով, կը գիտակցին անշուշտ, որ ձուլման վտանգը դիմակայելու ամենէն ազդու միջոցը հայ դպրոցն է: Ահա ճիշդ այդ գիտակցութեամբ ու հայ դպրոցին օժանդակելու եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնելու մտադրութեամբ, Տոքթ. Արա եւ Արեւիկ Գաբրիէլեանները որոշեցին քաղաքս հիւրաբար գտնուող երեւանաբնակ, տաղանդաւոր նկարչուհի` Լաուրա Աւետիսեանի նկարներու ցուցադրութիւնևվաճառքը կազմակերպել իրենց տան մէջ այն համաձայնութեամբ, որ վաճառուած նկարներու գումարին որոշ տոկոս մը պիտի յատկացուի Ս. Լուսաւորիչ Ամէնօրեայ վարժարանին:
Ուրբաթ Փետրուար 11ին, Գաբրիէլեաններու ասպնջական ու ջերմ յարկի տակ արուեստասէր ընտրանի մը հաւաքուած էր վայելելու Լաուրա Աւետիսեանի գեղանկարները, միաժամանակ օգտակար ըլլալու դպրոցին: Տան տիրոջ բարի գալուստի սեղմ խօսքերուն յաջորդեց դպրոցի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ` տոքթ. Հրանդ Մարգարեանի գնահատանքի արտայայտութիւնը: Ներկաները, կարճ ժամանակի մէջ, կատարեցին իրենց ընտրութիւնները գնելով բոլոր նկարները ու գոհունակ դէմքերով մեկնեցան, զարդարելով, ջերմացնելով իրենց տուները Լաուրա Աւետիսեանի նկարներով:

