ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հ. Օ. Մ.- Ի “ՄԱՅՐ“ ՄԱՍ­ՆԱ­ՃԻՒ­ՂԻ ԿԱԶ­ՄԱ­ԿԵՐ­ՊԱԾ ՄԱՅ­ՐԵ­ՐՈՒ ՕՐԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 15 Second

 Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Նիւ Եոր­քի Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան “Մայր“ մաս­նա­ճիւ­ղին, Ուր­բաթ Մա­յիս 10-ի երե­կոյ­եան, տե­ղի ու­նե­ցաւ աւան­դա­կան “Մայ­րե­րու Օր“ուան ճաշ­կե­րոյթ- տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը, Ուտ­սայ­տի Հայ կեդ­րո­նէն ներս: Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էր Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Ա.Մ.Ն.-ի Արե­ւել­եան  Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի  ընկհ. Սիլ­վա  Գու­յումճ­եան, եւ Շրջա­նա­յի­նի ան­դամ ընկհ. Վա­լան­թին Պէր­պէր­եան, “Էրէ­բու­նի“ մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Նա­յի­րի Զօհ­րապ­եան եւ փոխ ատե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Նայ­տա Ոս­կե­րիչ­եան, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հ.Օ.Մ.-ի աշխատանքները համադրող ընկհ. Հու­րի Կէ­օ­տէ­լէք­եան, Ար­մէն Գա­րօ կո­մի­տէի ան­դամ­ներ, Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ամե­նօր­եայ վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան ատե­նա­պետ պրն. Մար­տօ Անաս­տաս­եան եւ խնա­մա­կալ­ներ, ազ­գա­յին մար­մին­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Հ.Օ.Մ.-ի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ եւ հիւ­րեր:

“Մայր“ մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պե­տու­հին ընկհ. Անա­յիս Չո­լաք­եան, իր բաց­ման խօս­քին մէջ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց  ներ­կա­նե­րուն եւ շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր հայ մայ­րե­րուն, իրենց տօ­նին առ­թիւ: Ապա հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րուն  յոտն­կայս աղօ­թե­լու որ­պէս պաշ­տօ­նա­կան բա­ցում ճաշ­կե­րոյ­թին եւ բեմ հրա­ւի­րեց Հ.Օ.Մ.-ի  Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հին ընկհ. Սիլ­վա Գու­յումճ­եա­նը, ներ­կա­յաց­նե­լու Հ.Օ.Մ.-ի խօս­քը: Ան ար­ժե­ւո­րեց մայ­րը, իր բո­լոր Աստ­ուա­ծա­տուր յատ­կու­թիւն­նե­րով:

“Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Արե­ւել­եան  Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կող­մէ ու­րա­խու­թեամբ կ՛ող­ջու­նեմ Նիւ Եոր­քի Հ.Օ.Մ-ի Մայր մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւնը, ան­դամ­ներն ու ան­դա­մու­հի­նե­րը: Այս առ­թիւ կու գամ յայտ­նե­լու իմ խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս Նիւ Եորք-ի Հ.Օ.Մ-ի  Մայր մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, որ առի­թը ըն­ծա­յե­ցին ինձ ներ­կայ գտնուե­լու այս գե­ղե­ցիկ Մայ­րե­րու օր­ուայ հա­ւա­քոյ­թին:

Մայ­րու­թեան գա­ղա­փա­րը լոկ մարդ­կա­յին ծնունդ չէ եղած մե­զի ՀԱ­ՅԵ­ՐՈՒՍ հա­մար: Ան խորհր­դա­նիշ­ն է առա­տու­թեան, սե­րունդ­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեան, բեղմ­նա­ւո­րու­թեան, հե­զու­թեան եւ համ­բե­րու­թեան…..

Քրիս­տո­նէ­ու­թեան ըն­դուն­մամբ Անա­հի­տը փո­խա­րի­նած եղաւ Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղե­ցին Աստ­ուա­ծա­մայ­րով , որ արդէն բա­րու­թեան, մաք­րու­թեան, անա­րատ յղու­թեան  խորհր­դա­նի­շը, որ­պէսզ մնաց սրբու­թիւն, որ­քան ՀԱՅ ժո­ղո­վուր­դին  հա­մար, նոյն­քան Քրիս­տոն­եայ աշ­խար­հին ու Մահ­մե­տա­կան կրօն­քին հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն հա­մար:

Մայ­րը, գլխա­գիր մայ­րը կը մնայ հայ ժո­ղո­վուր­դի խորհր­դա­նի­շը ան­մա­հու­թեան ինչ­պէս Արա­րա­տը Հա­յաս­տա­նի հա­մար. մեր բո­լոր սրբու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ գոր­ծա­ծած ենք Մայ­րը, որ­պէս ածա­կան: Կ՛ե­րա­զենք  Մայր Հա­յաս­տա­նով, կը խօ­սինք մայ­րենի լե­զուով ու կ՛եր­գենք Մայր Արաք­սով: Ու այս­պէս դա­րե­րու հետ քա­լող Մայրն է, որ կը մե­ծա­րենք, ամէն բա­նէ առաջ  Մայ­րը դար­ձած է հայ տան մնա­յուն այն կուր­քը  յա­ւի­տե­նա­կան ապ­րող  այն սրբու­հին  որ­մով դա­րեր ամ­բողջ ծլար­ձակ­ուած  ու հա­սակ  առած են մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը:

Մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան էջե­րուն մէջ, տե­ղա­հա­նու­թիւն, աք­սո­րի ու ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրե­րուն, երբ հայ մար­դը կը ճա­կա­տէր եւ կամ զոհ կ՛եր­թար Մեծ Եղեռ­նին, հայ ժո­ղո­վուր­դի մնա­ցոր­դա­յին տէ՛­րը կը դառ­նար հայ Մայ­րը:

Հայ­րե­նի իրենց գիւ­ղե­րէն ու  օր­րա­նէն հե­ռու Սուր­ի­ա­կան անա­պա­տի ու Եփ­րա­տի ափե­րուն, Հայ Մայ­րը դար­ձաւ տէ՛­րը հայ ըն­տա­նի­քին, իր շուրջ բո­լո­րած իր ձա­գուկ­նե­րը, ան ար­ժա­նա­պա­տուու­թեամբ վե­րա­կազ­մեց իր հա­յու բոյ­նը: Ար­ի­ա­ցած Մայ­րեր, ինչ­պէս յա­ճախ լսած էք , աւա­զի վրայ սոր­վե­ցու­ցին իրենց բա­լիկ­նե­րուն այ­բու­բէ­նը, այդ մե­նա­ւոր ամա­յու­թեան մէջ, հայ մօր պար­տա­կա­նու­թիւնը եղաւ սոր­վեց­նել մեր աղօթք­նե­րը, պա­հել անց­եա­լի եկած մեր աւան­դու­թիւն­նե­րը:

Ու այս աշ­խա­տան­քին մէջ, հա­րիւ­րամ­եայ մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւնը Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը բե­րաւ իր առիւ­ծի մաս­նակ­ցու­թիւնը: Որ­բախ­նամ, աղ­քա­տախ­նամ, կրթան­ուէր իր ծրա­գիր­նե­րու շար­քին Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րը հա­սան մեր ժո­ղո­վուր­դին բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն, անխ­տիր, առանց դա­ւա­նա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան, կու­սակ­ցա­կան նկա­ռում­նե­րու:

Մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը իրենց առա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­րիմ, իրենց հա­մար սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւն  նկա­տե­ցին հաս­նե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դի մնա­ցոր­դա­ցին, որով­հե­տեւ անոնք կը հա­ւա­տա­յին որ վաղ­ուան մեր առողջ սե­րուն­դը այդ հիւ­ղակ­նե­րուն մէջ հա­սակ առ­նող մա­նուկ­ներն են որ պի­տի գան, ու դառ­նան այ­սօր­ուան հայ կեան­քին առող­ջու­թիւն տուող մեր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, խմբա­գիր­ներ ու ու­սու­ցիչ­ներ…. վեր­ջա­պէս նոր սե­րունդ մը որ պի­տի կազ­մէր իր հայ­կա­կան նոր բոյ­նը, գու­ցէ հե­ռու իր հայ­րե­նի հո­ղե­րէն, բայց միշտ երա­զո­վը թէ ան­պայ­մա­նօ­րէն պի­տի հաս­նէր իր մեծ երա­զին:

Այ­սօր ահա՛ այդ երա­զի ճամ­բուն վրայ մեր կի­զա­կէ­տը դար­ձու­ցած ենք դէ­պի Հա­յաս­տան, դէ­պի հայ­կա­կան Ար­ցախն ու Ջա­ւախ­քը, որոնք օր մը պի­տի  մի­ա­նան  Մայր հայ­րե­նի­քին յա­ւեր­ժաց­նե­լու հա­մար պատ­մա­կան մեր Հա­յաս­տա­նը:

Այս սրբա­զան օր­ուան առ­թիւ, իւ­րա­քան­չիւ­րիդ  կը մաղ­թեմ ամե­նայն բա­րիք, կը մաղ­թեմ եր­ջան­կու­թիւն, ձեր ըն­տա­նե­կան բոյ­նե­րէն ներս, առող­ջու­թիւն եւ բո­լոր երազ­նե­րու իրա­կա­նա­ցում, երազ­ներ ըլ­լան անոնք անձ­նա­կան  թէ հա­մազ­գա­յին:…Ողջ Մնա՛ք“, ըսաւ ան:

Այս տա­րի մաս­նա­ճիւ­ղին որո­շումն էր պատ­ուել, բո­լոր հայ մայ­րե­րը, որոնք ներ­կայ էին  ձեռ­նար­կին  իւ­րա­քան­չիւ­րին յանձ­նե­լով ծա­ղիկ մը, որ նուի­րած էր մաս­նա­ճիւ­ղի ըն­կե­րու­հի­նե­րէն ընկհ. Անա­հիտ Ու­ղուր­լայ­եա­նը:

Ճա­շե­րը սպա­սարկ­ուե­ցան մեղմ հայ­կա­կան  նուագ­նե­րու եւ եր­գե­րու` ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ DJ Tune-ի կող­մէ, պատ­րաստ­ուած Անդ­րա­նիկ­Գա­րա­կէ­օզ­եա­նի: Երաժշ­տու­թեան մի­ա­ցաւ հայ­կա­կան պա­րը խան­դա­վա­ռե­լով ներ­կա­նե­րը:                Ապա տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն, որ կա­տա­րեց ընկհ. Սօն­իա Պզտիկ­եան: Բախ­տաւոր­նե­րը ստա­ցան գե­ղե­ցիկ նուէր­ներ, որոնք տրա­մադր­ուած էր մաս­նա­ճիւ­ղի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ:  Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն  ընկհ. Պեր­ճու­հի Եսայ­եա­նին, որ ձե­ռա­յին աշ­խա­տան­քով, կա­պոյտ ժա­պա­ւէ­նով եւ խնամ­քով գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րած էր վի­ճա­կա­հա­նու­թեան տոմ­սե­րը  եւ  ժա­պա­ւէ­նին վրայ գրած էր “Հ.Օ.Մ. 1910-2012“, ապա “Բա­րի Եկաք“, եւ “Շնոր­հա­ւոր Մայ­րե­րու Օր“:  Ար­ուես­տի նուրբ եւ գե­ղե­ցիկ աշ­խա­տանք մը իս­կա­պէս:

Ձեռ­նար­կի աւար­տին` ընկհ. Անա­յիս Չո­լաք­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն որ քա­ջա­լե­րե­ցին Հ.Օ.Մ.-ի այս հա­ւա­քը: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նա­եւ մաս­նա­ճիւ­ղին բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն  որոնք հա­մա­գոր­ծակ­ցե­ցան   եւ յա­ջո­ղու­թեամբ կազ­մա­կեր­պե­ցին այս ձեռ­նար­կը:­

 

ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles