ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «ԹԱՅՄԶ ՍՔՈՒԷՐ»-Ի ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111-ԱՄԵԱԿԸ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կիրակի, Ապրիլ 26-ին, հարիւրաւոր հայորդիներ հաւաքուեցան կեդրոնական հրապարակ՝ «Թայմզ Սքուէր»-ը, ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։
Այս տարուան նիւթը՝ «Նշելով Անցեալը եւ Պահանջելով Ապագան», արձագանգեց ամբողջ օրուան ելոյթներուն մէջ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով հայկական ժառանգութեան եւ Հայ Դատի ապագային՝ Քափիթըլ Հիլի եւ անոր սահմաններէն անդին։ Ձեռնարկը վարեցին հաղորդավարներ Լիւսինէ Պէյլէրեան, Շանթէլ Նասրի եւ Նայիրի Տիրացուեան։
Պէյլէրեան ողջունեց ներկայ հոգեւորականները, ներառեալ՝ Արեւելեան Առաջնորդարանի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի փոխանորդ Գերպ. Տ. Սիմոն Վրդ. Օտապաշեան եւ Նարեկի Սրբուհի Տիրամօր Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, ապա ներկայացուց բանախօսները։
Հաւաքուած բազմութիւնը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց հայ նահատակներու եւ ցեղասպանութեան, բռնութեան ու հալածանքներու բոլոր զոհերու յիշատակը։ Ներկայ եղողները նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Ատրպէյճանի կողմէ կործանուած մշակութային կոթողներուն եւ գերեվարուած պատանդներուն։
Նասրի շնորհակալութիւն յայտնեց Նիւ Ճըրզիի հայկական ձայնասփիւռի տնօրէն Վարդան Ապտոյին՝ ձեռնարկը ուղիղ հեռարձակելու համար։ Դասական երգչուհի Քարինա Վարդանեան երգեց Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգները, իսկ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտները հպարտօրէն ծածանեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները։

Արքեպիսկոպոս Անուշաւան Դանիէլեան կատարեց օրհնութիւնը։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ ցեղասպանութիւն «ո՛չ վրէժխնդրութիւն զօրացնելու եւ ո՛չ թշնամանք յաւերժացնելու նպատակ ունի, այլ մեզ ու աշխարհը գիտակից դարձնել, թէ նման վայրագութիւններ վերջ գտած չեն։ Փաստը այն է, որ Թուրքիոյ կողմէ 1915-ին եւ յաջորդող տարիներուն գործադրուած ցեղասպանութիւնը այսօր կը շարունակուի անոր անպատժելիութեան եղբօր՝ Ատրպէյճանի արարքներուն դմէջէն»։ Սրբազան Հայրը թուարկեց 1988-էն ասդին գործադրուած ցեղասպանական արարքները հայութեան դէմ՝ Սումգայթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ Մարաղայի ջարդերէն մինչեւ Ատրպէյճանի հայութեան տեղահանումը, Նախիջեւանի մշակութային եղեռնէն մինչեւ արցախահայութեան բռնի վտարումը եւ Արցախի եկեղեցիներու եւ մշակութային կոթողներու նորօրեայ քանդումը, կոչ ուղղելով անպատժելիութեան վերջ տալու։
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ինքնանպատակ չէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, այլ կը նպաստէ այսօրուան անարդարութիւններու դիմակայութեան եւ կ՚օգնէ կանխել ապագայ ցեղասպանութիւններ. «Մեր դատը տարբեր չէ աշխարհի բոլոր փոքրամասնութիւններու դատերէն, որոնք կը կրեն անարդարութեան, խտրականութեան եւ բռնակալութեան վէրքերը՝ համաշխարհային անտարբերութեան դէմ յանդիման»։ Ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ երիտասարդ սերունդին որ արիաբար դիմագրաւէ ճշմարտութիւնը, ճամբայ բանալով, որ իշխանութիւնները ստանձնեն իրենց նախնիներուն պատասխանատուութիւնը, առաջնորդելով դէպի արդարութիւն ու խաղաղութիւն։
«Ոճրագործներու ժառանգներդները եւ ոճրային լռութեան անոնց գործընկերները պէտք է գիտակից ըլլան, որ ժխտում, խեղաթիւրում եւ ճնշում պիտի չարգիլեն մեզ, որ քալենք աշխարհի մէկ ծայրէն դէպի միւսը՝ մեր իրաւունքը հռչակելու, որովհետեւ մեր դիմացկունութիւնը սահման չունի», եզրակացուց Սրբազան Հայրը, ։
Ա․Մ․Ն․ Քոնկրէսի ներկայացուցիչ Ֆրանք Փալոն ներկայացուց հայութեան աջակցող օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները, ներառեալ՝ Հայ-ամերիկեան ռազմավարական գործընկերութեան բանաձեւը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Արցախի արդարութեան եւ վերադարձի իրաւունքի մասին, շեշտելով Հայաստան-Ա․Մ․Ն․ յարաբերութիւններու ամրապնդումը։ «Չենք կրնար ետ դառնալ», ըսաւ ան՝ շեշտելով ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը։
Լեզլի Պօղոսեան-Մըրֆի ներկայացուց իր ընտանեկան պատմութիւնը՝ յիշեցնելով, որ իւրաքանչիւր հայ իր մէջ կը կրէ այդ յիշողութիւնը։

Ձեռնարկին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանի նահանգապետ Քէթի Հոքուլի հռչակագիրին, որուն մէջ Ապրիլ 24-ը հռչակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր։ Նաեւ նշուեցաւ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանիի յայտարարութիւնը, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմ ընդունելութեան։
Յաջորդ ելոյթներով հանդէս եկան հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ համայնքային գործիչներ, որոնք շեշտեցին յիշողութեան, արդարութեան, միութեան եւ պայքարի կարեւորութիւնը։ Երաժշտական եւ պարային ելոյթներով, ներառեալ «Արմֆոլք» խումբի ներկայացումները եւ Անդրանիկ Մանուկեանի կենդանի կատարումը, ձեռնարկը ստացաւ մշակութային հարուստ երանգ։
Շող Դարփինեան՝ Ռ․Ա․Կ․-ի անունով խօսք առաւ եւ շեշտեց․ «Ժամանակը հասած է մտածողութեան նոր կերպի մը, որ հիմնուած է միասնութեան վրայ»։
Հ․Յ․Դ․-ի անունով, դոկտ. Հենրի Թերիօ ընդգծեց, որ ցեղասպանութիւնը իր էութեամբ քաղաքական երեւոյթ մըն է եւ յիշեց նաեւ այլ ժողովուրդներու տառապանքը։
Վարդանի ասպետներու կողմէ, խօսք առաւ Պոպ Աւագեան գնահատեց քաղաքապետ Մամտանիի յայտարարութիւնը եւ յիշեց Հրանդ Տինքի թաղման երթին մասնակցած թուրքերը, որոնք նեցուկ կը կանգնէին եւ կը դատապարտէին հայոց ցեղասպանութիւնը։

Վարդանի դուստրերու անունով Լիլի Սարգիսեան խօսք առաւ՝ յիշեցնելով Ատոլֆ Հիթլերի յղումը Հայոց Ցեղասպանութեան։ Ան նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեց իր նախնիներուն, որոնք զոհուած էին ցեղասպանութեան ընթացքին։
Նայիրի Տիրացուեան՝ Հայ Դատի յանձնախումբին անունով խօսելով, յայտարարեց. «Առանց համընդհանուր ճանաչման, բռնութեան շղթան կը շարունակուի»։ Ան ընդգծեց մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ ժխտողականութեան շարունակական փորձերը։
Հայկական Համագումարի ներկայացուցիչ Պրայըն Արտունի նշեց, թէ յիշողութիւնը միայն բաւարար չէ։ 2023-ին աշխարհը ականատես եղաւ հայերու զտման»։ Ան շեշտեց. «Երբ կ՛ըսենք՝ այլեւս երբեք, կը նշանակէ՝ հիմա»։

Հայ փաստաբաններու միութեան անունով, խօսք առաւ Սառա Լիա – Ուիթսըն եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը։ «Մենք ողողուած ենք ցեղասպանութեամբ», ըսաւ ան։ Ան անդրադարձաւ Կազայի մէջ պաղեստինեան ցեղասպանութեան եւ Իրանի մէջ հնարաւոր վտանգին։ Ան դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութեան քաղաքական շահարկումը։ Ան նաեւ քննադատեց Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Էրիք Ատամսը՝ Թուրքիոյ հետ իր կապերուն եւ կաշառակերութեան մեղադրանքներուն համար, եւ դատապարտեց Ատրպէյճանը՝ նշելով. «Սարսափահար ենք, որ ազրպէյճանական ուժերը կործանեցին Ստեփանակերտի ամենամեծ հայկական եկեղեցին»։ Ան եզրակացուց. «Պարտաւոր ենք պայքարիլ ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան դէմ՝ ոչ միայն հայերուն, այլ ամբողջ մարդկութեան համար»։
Արամ Արքուն՝ Թէքէեան մշակութային միութեան անունով եւ Արէն Քապարաճեան՝ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի երիտասարդականներու անունով խօսեցան հայ ժողովուրդի տոկունութեան մասին եւ ընդգծեց միասնութեան ուժը։

Օրը եզրափակուեցաւ աղօթքներով եւ «Հայր մեր»-ով՝ վերահաստատելով հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը, տոկունութիւնը եւ արդարութեան ձգտումը։ Նշենք, թէ այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Վարդանի ասպետներու եւ դուստրերու նախաձեռնութեամբ, գործակցաբար Ռ․Ա․Կ․-ին, Հ․Յ․Դ․-ին, Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայկական Համագումարին հետ։

