ԱմերիկահայԳլխաւորԼրահոս

Նիւ Եորք․- Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ Դասախօսեց Սուրբ Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 8 Մարտին, Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, ներկայ եղաւ Սուրբ Պատարագին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց ու քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան։ Սրբազան Հայրը նախագահեց յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօնին՝ ի յիշատակ  Սումկայթի, Կիրովապատի (1988) եւ Պաքուի (1990) նահատակներուն։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հոգեւոր հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը Կանանց Միջազգային Օրուան առթիւ գեղեցիկ գաղափարը յղացած ըլլալով, Սրբազան Հօրմէն խնդրած էին, որ անձամբ վարդով պատուէ իգական սեռի բոլոր անդամները։ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ մեր մայրերը եւ քոյրերը առաքինի կեանքով եւ իրենց կոչումին վերապահուած բարձրագոյն գիտակցութեամբ վառ պահեն մեր ընտանեկան սրբութիւններն ու աւանդութիւնները։ Ապա, ան նշեց, որ այս օրը, որքան որ միջազգային կանանց օր է, նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն է։ Այս առթիւ, ան քաջառողջութիւն եւ բազմաբեղուն կեանք մաղթեց Նորին Սրբութեան։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը «Փաշալեան» սրահին մէջ։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ մեթր Արմէն Մորեան, բարի գալուստ մաղթեց, իսկ մեթր Անահիտ Ուղուրլայեան ներկայացուց օրուան դասախօս՝ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ, որ իր անձնական փորձառութեան ընդմէջէն կենդանի կերպով ներկայացուց Պաքուի, Սումկայթի եւ Կիրովապատի ահաւոր ջարդերը, եւ այնուհետեւ բաժնեկից դարձուց ներկաները չարը բարիով յաղթանակելու իր յանձնառութեան, ստեղծելով «Սէր Արցախ», «Սէր Սիւնիք» բարեսիրական հոյակապ ծրագիրները։

Աննա Աստուածատուրեան–Թըրքոթ ծնած է 14 Մարտ 1978-ին Պաքու։ Ան «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն մը» (Nowhere, a Story of Exile) յուշագրական գիրքին հեղինակն է, ուր կը նկարագրէ իր մանկութիւնը։ Յուշագրութիւնը պատմութիւնն է 14 տարեկան հասակին Պաքուի ջարդերէն փրկուելու իր փորձառութեան, ապա՝ իր ընտանիքին հետ Հայաստանի մէջ գաղթականի վիճակի մատնուելուն եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելուն։

Ան վերապող մըն է Պաքուի ջարդերէն, ինչպէս նաեւ՝ ականաւոր հեղինակ։ 2013 թուականին անոր առաջնորդութեամբ կարելի եղած էր վաւերացումը ապահովել Արցախի անկախութիւնը ճանչցող Մէյն նահանգի խորհրդարանի բանաձեւին, որ կոչ կ՛ընէր Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին՝ նմանապէս ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը եւ նեցուկ կանգնելու անոր ժողովուրդին ինքորոշման իրաւունքին։

Advertisement Subscribe Today

Հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ Քհն. շնորհաւորեց օրուան դասախօսը, որ ընդառաջելով եկեղեցւոյ հրաւէրին, յանձն առած էր ճամբորդել Մէյնէն իր դասախօսութեան համար։ Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Աննա ԱստուածատՈՒրեան-Թըրքոթի շնորհքը, որով ո՛չ միայն տեղի չէր տուած ազերի իշխանութիւններու 400 հազար հայերու դէմ կիրարկուած խժդժութեանց եւ տեղահանման, այլ հայու աննահանջ կամքով վէրքը վերածած էր երգի՝ վեր հանելով անցեալի դէպքերը եւ միաժամանակ դնելով աւելի լուսաւոր ապագայի հիմքերը իր նախաձեռնած ծրագիրներով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button