ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Մայր Վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յունիս 17, 2011-ին, երեկոյեան 7:30-ին, Հ.Յ.Դ. Հայ Կեդրոնէն ներս:
Ներկայ էին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ` Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան, նախկին հովիւ` Մուշեղ Ա. Քհնյ. Տէր Գալուստեան, դպրոցի խնամակալներ, Հայ Օգնութեան Մայր Մասնաճիւղի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:
Հանդէսի բացման խօսքով Տնօրէնուհի Քրիստին Րիկըլհօֆ, ներկայացուց 2010-2011 տարեշրջանի կրթական կեանքը: Գնահատեց իր կողքին եղող ուսուցչական կազմին` Տիկ. Զմրուխտ Մարգարեանին, Սիւզան Սավզեանին, Սթիվն Հէնօքին:
Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ` Տիար Մարտօ Անաստասեան, վերարժեւորեց հայ դպրոցի բարձր եւ անհրաժեշտ դերը հայ ինքնութեան գիտակցութեան եւ պահպանման աշխատանքին մէջ:
Աշակերտները երգեցին, արտասանեցին, հայերէն եւ անգլերէն անթերի արտայայտութեամբ, ինքնավստահութեամբ բեմադրեցին արարներ: Ապա եզրափակիչ իր խօսքէն առաջ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւ, Մեսրոպ քահանան յանձնեց մանկապարտէզի վկայականներ հինգ փոքրերուն` Արման Գէորգեանին, Ալէքս Օվանէսեանին, Աննա Փափազեանին, Անի Փափազեանին եւ Մարիան Մկրտչեանին: Զ. կարգէն շարջանաւարտ եղաւ` Քաթըրին Փափազեանը որ կարդաց իր հրաժեշտի ուղերձը եւ ստացաւ վկայական: Տէր Մեսրոպ քահանայ հայրը, գնահատեց վարժարանի ուսուցչական կազմը, շնորհաւորեց վկայական ստացողները եւ ծնողները: Ապա, բաժնեց Մայր Եկեղեցւոյ կողմէ նուէրներ: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան` Կարէն Նազարեան, նուիրած էր հայրենի գրագէտ Հրանտ Մաթեւոսեանի պատմուածքներէն գրքեր վկայական ստացող փոքրերուն:
Ապա, Հայ Օգնութեան Մայր Մասնաճիւղի անունով Արմինէ Մինասեան եւ Անահիտ Ուղուրլայեան, Համազգայինի Ատենապետ Աւետիս Հաճեան նուէրներ յանձնեցին: Մուշեղ Քահանայ հօր բարեմաղթութեամբ եւ աղօթքով հանդէսը փակուեցաւ, անշուշտ գալ տարի կրկին հանդէս վայելելու սպասումով:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

