ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՅՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԱՆԴԱՄԱՐՇԱՒ

0 0
Read Time:5 Minute, 45 Second

Նիւ Եոր­քի Հայ Օգ­նու­թեան  Միու­թեան ’’Մայր’’ մաս­նա­ճիւ­ղի  տա­րե­կան  ան­դա­մար­շա­ւը տե­ղի ու­նե­ցաւ, Կի­րա­կի, Մարտ 20-ին, կ.ե. Ժամր 3:00 -ին   ընկհ.Ռօ­զի­թա Պո­յաճ­եա­նի բնա­կա­րա­նէն ներս: Ան­դա­մար­շա­ւին նպա­տա­կը` մտեր­միկ հան­դի­պում մը ու­նե­նալ բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն առա­ւել թափ տա­լու մտադ­րու­թեամբ, եւ ծա­նօ­թա­նալ նո­րեկ­նե­րու, որոնք լսե­լով Հ.Օ.Մ.ի գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին թե­րեւս  փա­փա­քին ան­դա­մակ­ցիլ Հ.Օ.Մ.-ին: Ներ­կա­նե­րը վա­յե­լե­ցին ըն­կե­րու­հի­նե­րուն պատ­րաս­տած Մեծ Պահ­քի հա­մեղ ճա­շե­րը:  Ապա  մաս­նա­ճիւ­ղիս ատե­նա­պե­տու­հին ընկհ. Անա­յիս Չո­լաք­եան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն, Տէ­րու­նա­կան աղօթ­քով  եւ  Հ.Օ.Մ.-ի քայ­լեր­գով  բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Ան­դա­մար­շա­ւի նպա­տա­կին նուիր­ուած այս հան­դի­պու­մին:       Ճա­շէն ետք   լու­սա­պատ­կեր­նե­րով (power point)  ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ  Հ.Օ.Մ.-ի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ   պատ­րաստ­ուած ընկհ. Ժա­նէթ Մար­գար­եա­նի կող­մէ: Ներ­կա­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան Հ.Օ.Մ.-ի կա­ռոյ­ցին, եւ աշ­խար­հաս­փիւռ գոր­ծու­նէ­ու­թեան նե­ռար­եալ Հա­յաս­տան:     

Երդման արարողութեան մասնակցողները, ձախէն աջ` Անահիտ Ուղուրլայեան, Նորիքա Պոյաճեան եւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Անայիս Չոլաքեան

Ընկհ. Ժա­նէթ շեշ­տեց որ Հ.Օ.Մ.-ը իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր, հայ որ­բերն ու կա­րի­քա­ւոր երե­խա­նե­րը յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան առար­կայ դար­ձու­ցած է: ’’Փրկել, պատս­պա­րել, կե­րակ­րել եւ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւն տալ անոնց` ապա­գան փրկե­լու մի­տու­մով: Փաստ` ի սփիւռս աշ­խար­հի Հ.Օ.Մ.ին պատ­կա­նող ամե­նօր­եայ դպրոց­նե­րը, ման­կամ­սուր­նե­րը, ման­կա­պար­տէզ­նե­րը, երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րը: Աւե­լին, ամէն գա­ղու­թի մէջ Հ.Օ.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղե­րը  կը հո­վա­նա­ւո­րեն եւ նիւ­թա­պէս կ՛օգ­նեն տե­ղա­կան հայ դպրոց­նե­րուն: Պա­տա­նի­նե­րուն հա­մար`  Հ.Օ.Մ.-ի փո­խա­նակ­ման ծրա­գի­րը զա­նա­զան վայ­րե­րու ճամ­բար­նե­րուն մի­ջեւ կը մի­տի ամ­րապն­դել հայ պա­տա­նի­նե­րու կա­պը իրար հետ’’, ըսաւ ան եւ յի­շեց նա­եւ  հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն  ուս­ման յատ­կաց­ուած  կրթա­թո­շակ­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւնը: Ըն­կե­րու­հին նշեց Հ.Օ.Մ.-ի ըն­կե­րաբժշ­կա­կան հիմ­նարկ­նե­րը, ծե­րա­նոց­նե­րը, պատս­պա­րան­ներն ու  կազ­դուր­ման կա­յան­նե­րը զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ: 1990էն իվեր երկ­րա­շար­ժի եւ Ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով որ­բե­րու հո­վա­նա­ւոր­ման ծրա­գի­րը եւ »Սօ­սէ« ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ցան­ցը Ար­ցա­խի մէջ: Ապա ըն­կե­րու­հին ծան­րա­ցաւ Ա.Մ.Ն.-ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թեան վրայ, որը ի շարս բազ­մա­թիւ այլ աշ­խա­տանք­նե­րու, տա­րե­կան նիւ­թա­կան յատ­կա­ցում կը կա­տա­րէ շրջա­նիս Ամե­նօր­եայ եւ Մի­օր­եայ վար­ժա­րան­նե­րուն, իրա­կա­նա­ցուց երի­տա­սար­դա­կան ’’Youthconnect ’’ մի­օր­եայ Սէ­մի­նա­րը, երկ­րա­շար­ժի օրե­րէն, վե­րա­կա­ռու­ցեց Ախուր­եա­նի Նի­կոլ Աղ­բալ­եան դպրո­ցը եւ Մօր ու Ման­կան Ծննդա­տու­նը հիմ­նադ­րեց:  Այս դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան մա­սէն ետք,  մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Անա­յիս Չո­լաք­եան կա­տա­րեց   եր­կու ըն­կե­րու­հի­նե­րու, Անա­հիտ Ու­ղուր­լայ­եա­նի եւ Նո­րի­քա Պո­յաճ­եա­նի երդ­ման արա­րո­ղու­թիւնը: Անոնք  նա­եւ պար­գե­ւատր­ուե­ցան Հ.Օ.Մ.-ի շքան­շա­նով:

Վարչական կազմը, նորագիրներն ու հիւրընկալ ընկերուհին`Յասմիկ Իսրայէլեան, Անահիտ Ուղուրլայեան, Անայիս Չոլաքեան, Մարիա Շամլեան Եփրեմեան, Նորիքա Պոյաճեան,Էլիզա Օհաննէսեան եւ Ռօզիթա Պոյաճեան

Հա­ճե­լի  անակն­կալ մըն էր հա­զիւ տաս գա­րուն­ներ բո­լո­րած Նի­քո­լաս  Մար­տի­րոս­եա­նի ելոյ­թը որ ար­տա­սա­նեց Պա­րոյր Սե­ւա­կի ’’Մօր Ձեռ­քե­րը’’: Ճա­փո­նի  աղէտ­եալ­նե­րուն հա­մար տե­ղի ու­նե­ցաւ դրա­մա­հա­ւաք եւ ներ­կայ  ըն­կե­րու­հի­նե­րը սրտա­բուխ նուի­րա­տուու­թիւններ կա­տա­րե­ցին: Այս դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան եւ  օգ­տա­շատ ան­դա­մար­շա­ւը ըն­թա­ցաւ  մտեր­միկ ու հա­ճե­լի  ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ: Ատե­նա­պե­տու­հի ընկհ. Անա­յիս Չո­լաք­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նոր ան­դա­մագր­ուած  ընկե­րու­հի­նե­րուն եւ  բո­լոր ներ­կայ ըն­կե­րու­հի­նե­րուն որ մաս­նակ­ցե­ցան ու քա­ջա­լե­րե­ցին ձեռ­նար­կը եւ մաս­նա­ւոր   շնոր­հա­կա­լու­թիւն հիւ­րըն­կալ ընկհ. Ռօ­զի­թա  Պո­յաճ­եա­նին որ սի­րով բա­ցաւ իր դռնե­րը Հ.Օ.Մ.-ին հա­մար:    Հարկ է նշել որ մաս­նա­ճիւ­ղը այս ձեռ­նար­կը կը կա­տա­րէ 1991-էն ի վեր: Այս տա­րի եւս մաս­նա­ճիւ­ղը  իրա­գոր­ծեց այս  ծրա­գի­րը եւ  ծա­նօ­թա­նա­լով  իր բազ­մա­բե­ղուն  գոր­ծու­նէ­ու­թեան, հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ազ­գան­ուէր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Սի­րե­լի ըն­կե­րու­հի­ներ, կը մաղ­թենք որ շա­րու­նա­կէք նոր կո­րո­վով ան­շէջ պա­հել Հայ Օգ­նու­թեան  Միու­թեան հա­րիւ­րամ­եայ  ջա­հը:                                                                        

Մար­իա Շամլ­եան Եփ­րեմ­եան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles