Լրահոս
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՀՐԱՅՐ ԲԱԶԷԻ ՆՈՐ ԱԼՊՈՄԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ԹԷՔԷԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ
Ազգագրական անփոխարինելի նախաձեռնութեան մը ուրիշ մէկ փառաւոր աշխատասիրութիւնն է Հրայր Բազէի (Խաչերեան) վերջերս լոյս ընծայած “Մէկ Ազգ Մէկ Եկեղեցի“ հրաշագեղ ալպոմը, որ ներկայացուեցաւ Նիւ Ճըրզիի Թէքէեան սրահին մէջ Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ, Դեկտեմբեր 15, 2013, Կիրակի օր կէսօրէ ետք ժամը 2ին: Հակառակ տեղացող ձիւնին ստեղծած երթեւեկի արգելքներուն, սրահ փութացած էին մշակութասէր հասարակութիւն մը եւ գնահատելի թիւով երիտասարդներ:


