“ՆԻՒԹԵՐ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ – Թ. ՀԱՏՈՐ“Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

0 0
Read Time:2 Minute, 52 Second

p3 yervant-pambukian

ՊԷՅ­ՐՈՒԹ.- Վեր­ջերս “Ազ­դակ“ օրա­թեր­թի կա­ռոյ­ցի “Փիւ­նիկ“ սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ “Նիւ­թեր Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան հա­մար – Թ. Հա­տոր“ի ներ­կա­յա­ցու­մը, ներ­կա­յու­թեամբ քա­ղա­քա­կան, միու­թե­նա­կան եւ կրթա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ու մե­ծա­թիւ ներ­կա­նե­րու:

Խմբա­գիր Եր­ուանդ Փամ­պուք­եան, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին, յատ­կա­պէս իր խոր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտ­նե­լով հայ­րե­նի պատ­մա­գէտ Մհեր Յով­հան­նիս­եա­նին, որուն ճի­գե­րով “Նիւ­թեր“ու բո­լոր հա­տոր­նե­րը ձեռն­տու եւ օգ­տա­գոր­ծե­լի պի­տի ըլ­լան հա­մա­ցան­ցի վրայ: “Արխիւա­յին հա­րուստ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան, սա­կայն աշ­խա­տո­ղի պա­կաս կայ: Մեր ժո­ղո­վուր­դի ազա­տագ­րա­կան կա­րե­ւոր շրջա­նի մա­սին ամ­բող­ջա­կան տե­ղե­կա­հա­ւաք կայ, որ անա­չառ կեր­պով կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ըն­ծա­յէ բո­լոր պատ­մա­գէտ­նե­րուն, որ իրա­զեկ դառ­նան ամ­բողջ տե­ղե­կու­թեանց եւ ապա դա­տին“, յայտ­նեց Փամ­պուք­եան:

Նա­խա­պէս, լեզ­ուա­բան եւ հա­յա­գէտ Յո­վիկ Պեր­թիզլ­եան խօսք առած էր, կեդ­րո­նա­նա­լով Փամ­պուք­եան խմբա­գի­րի, պատ­մա­բա­նի առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն վրայ:

Ան սեղմ գի­ծե­րու մէջ, ներ­կա­յա­ցուց Փամ­պուք­եա­նի կեն­սագ­րա­կան կէ­տե­րը:

Երե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի փոխտ­նօ­րէն, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Մհեր Յով­հան­նիս­եան, որ անդ­րա­դար­ձաւ հա­տո­րի նիւ­թե­րուն, անձ­նա­նուն­նե­րու եւ տե­ղա­նուն­նե­րու յի­շա­տա­կու­թեան պայ­ման­նե­րուն եւ առա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն:

Երե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու փրո­ֆե­սէ­օր Էտիկ Մի­նաս­եան, ներ­կա­յա­ցուց հա­տո­րի հիմ­նա­կան մա­սե­րը:

“Աւե­լի քան 295 փաս­տա­թուղ­թե­րով, բո­վան­դա­կու­թեան իմաս­տով այս հա­տո­րը ար­ժէ­քա­ւոր է ոչ միայն Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան, այ­լեւ` 19-րդ եւ 20-րդ դա­րե­րու հա­յոց պատ­մու­թեան ու Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­յին շրջա­նի պատ­մագ­րու­թեան հա­մար“, ընդգ­ծեց փրոֆ. Էտիկ Մի­նաս­եան:

Հ.Յ.Դ. Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի քա­րոզ­չա­կան մար­մի­նի անու­նով Գրի­գոր Հա­շէ­օլ­եան բա­ցու­մը կա­տա­րած էր ձեռ­նար­կին` ներ­կա­յաց­նե­լով հա­տո­րի հիմ­նա­կան են­թա­բա­ժա­նում­ներն ու օր­ուան բա­նա­խօս­նե­րը:

Աւար­տին կա­տար­ուե­ցաւ մա­կագ­րու­թիւն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles