ԳլխաւորԽմբագրական

Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովէն 1700 Տարի Ետք․․․


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Մայիս 8-ին, երբ Լեւոն ԺԴ․ ընտրուեցաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ եւ ստացաւ Սրբազան Պապ կոչումը, առաջին օրերուն իսկ, յայտարարեց, թէ իր անդրանիկ միջազգային ճամբորդութիւնը պիտի կատարէ Թուրքիա, նշելու համար Նիկիոյ տիեզերական ժողովին 1700-ամեակը։ Այս որոշումը տրուած է ի յիշատակ վախճանեալ Փրանկիսկոս Ա․ Սրբազան Պապին։ Նախքան հիւանդանալն ու վախճանիլը՝ Փրանկիսկոս Պապը կապ հաստատած էր ուղղափառներու տիեզերական պատրիարք Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ա.-ին հետ եւ փափաք յայտնած, որ պատշաճօրէն եւ միասնաբար նշուի այդ կարեւոր տարեդարձը։ Ծանօթ է, որ Փրանկիսկոս Պապը աւելի կանուխ՝ 2014-ին այցելած էր Թուրքիա։ Յիշեցնենք նաեւ, որ 1967-ին, Պօղոս Զ. Պապը եղած էր Թուրքիա այցելող՝ Վատիկանի առաջին գահակալը։ Շարքը ամբողջացնելու համար, յիշատակենք, որ 1979-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ., իսկ 2006-ին Պենետիկտոս ԺԶ. պապերը այցելած էին Թուրքիա։
Պոլիսէն ոչ շատ հեռու գտնուող՝ Նիկիա պատմական քաղաքը այսօր ստացած է Իզնիք կոչումը, կը գտնուի Պուրսայի հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ, լճակի մը մօտ: Ուշագրաւ էր, որ փոխանակ մօտակայ Պոլսոյ օդակայանը ժամանելու, Լեւոն ԺԴ․ Պապի այցելութեան առաջին հանգրուանը եղաւ մայրաքաղաք Անգարան, 27 Նոյեմբերին։ Ան այցելեց Քեմալ Աթաթիւրքի պանթէոնը, ուր յարգանք մատուցեց ծաղկեպսակով մը, տեսակցեցաւ նախագահ Էրտողանի, ապա նաեւ կրօնական մեծաւորներու հետ։ Նոյն օրը, երեկոյեան, Պապը մեկնեցաւ Պոլիս։ Առաջնահերթութիւնը տրուած էր այդ կարճ՝ քաղաքական բնոյթ ունեցող փրոթոքոլային բաժնին, որուն յաջորդեց կրօնականն ու տիեզերականը (ecumenical)։
Պատմութիւնը կ’ըսէ, որ Նիկիոյ տիեզերական առաջին ժողովը գումարուեցաւ 6 Սեպտեմբեր 325 թուականին, Մեծն Կոստանդին կայսեր հրաւէրով. ան ընդառաջած էր եկեղեցական օրուան առաջնորդներու առաջարկին: Տարին իր գահակալութեան 20-րդ տարեդարձն էր: Ան կը փափաքէր լուծել զանազան հարցեր, շեշտելով, թէ իր փափաքն էր վերջ տալ դաւանական բանավէճերու, որպէսզի Եկեղեցին ապրի միասնական, ներդաշնակ եւ խաղաղ:
Հրաւիրուած էին մօտաւորապէս 1800 բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ սարկաւագներ։
Նիկիոյ տիեզերական ժողովին, քննարկուեցան դաւանաբանական եւ յարակից բազմաթիւ խնդրայարոյց հարցեր, որոնց կարգին՝ յատկապէս այդ օրերուն մեծ փոթորիկ սփռած արիոսականութիւնը. վերջինները կը ժխտէին Քրիստոսի լիարժէք աստուածութիւնը, եւ հռչակած էին «ուղղափառ դաւանանք»ը, ընդհանուր առմամբ ձեռք առած էին եկեղեցւոյ կազմակերպումն ու որոշ սովորութիւններ, որոնց կարգին՝ աղօթքի պահուն ծունկի գալը, նաեւ զատկուան թուականի հարցը եւ այլն: Նիկիոյ ժողովին ամէնէն յիշատակելը իրագործումներէն մէկն ալ՝ միացեալ Հաւատոյ Հանգանակի մը որդեգրումն էր. անոր համաձայն է որ մեր եկեղեցւոյ մէջ ամէն Կիրակի, Սուրբ Պատարագի պահուն կ’արտասանուի-կ’երգուի «Հաւատամք»ը, որուն մէջ կը հաստատուի, որ կայ մէկ արարիչ Աստուած, որուն Միածին որդին անոր բնութենէն է, եւ ո՛չ թէ պարզ արարած:
Վերադառնանք մեր օրերուն: Ընդհանուր առմամբ, սովորական մթնոլորտի մէջ անցաւ 1700-ամեակին նշումը, սակայն ակներեւ էր երկփեղկուած քաղաքականութեան մը ներկայութիւնը, որ ուղղակիօրէն իր ազդեցութիւնը ունի եկեղեցւոյ վրայ։ Ըստ երեւոյթին, «ժանտախտ» մըն է այս իրավիճակը, որ այլ զգեստաւորումով հասած է նաեւ Հայաստան եւ կը հարուածէ Էջմիածինը։ Լեւոն ԺԴ․ Պապին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ այն օրերուն, երբ Արեւելեան ուղղափառ աշխարհը աւելի քան երբեք բաժանուած կը թուի, յատկապէս Ուքրայինայի պատերազմին պատճառաւ։ Խոր ճեղք մը գոյութիւն ունի Մոսկուայի եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւններուն միջեւ։ Կաթոլիկները կը ճանչնան Պապը՝ որպէս Եկեղեցւոյ պետ, մինչդեռ Արեւելեան եկեղցւոյ պարագային տարբեր իրավիճակ կը պարզուի։ Հակառակ անոր, որ Պոլսոյ պատրիարք Բարթողոմէոս Ա․ կը մնայ պետը, սակայն ուղղափառ եկեղեցին կազմուած է ինքնակառավարուող եկեղեցական մարմիններէ, որոնք կ’ընտրեն իրենց տեղական առաջնորդները։
2018-ին, Մոսկուայի Պատրիարքութիւնը կապերը խզեց Բարթողոմէոս Ա․-ի հետ, երբ ան ճանչցաւ Ուքրայինայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ անկախութիւնը:Այս որոշումը ծանր հարուած մը հասցուցած էր Մոսկուայի հոգեւոր հեղինակութեան։ Աւելի ուշ, հոն այլ բարդութիւններ ստեղծուեցան՝ պատերազմին բերած փոթորիկներուն հետեւանքով։ Բնականաբար, այս իրադարձութեան լոյսին տակ, Ռուսիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետը՝ Քիրիլ պատրիարքը, չէր հրաւիրուած յոբելենական հանդիսաւոր արարողութեան, այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ Վատիկան կրնայ զօրացնել Պոլսոյ պատրիարքին նախամեծարութեան հանգամանքին՝ ուղղափառ աշխարհին մէջ, հետզհետէ աւելի ճնշելով եւ մեկուսացնելով Ռուսիոյ պատրիարքին (իմա Ռուսիոյ) ազդեցութիւնը։
Այցելութեան վերջին օրը, Լեւոն ԺԴ․ Պապը այցելեց Գումգաբուի հայկական Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ Մայր եկեղեցին։ Հայոց պատրիարքարան այցելութիւնը՝ Սրբազան Պապի այցելութեան ծրագրին եզրափակիչ փուլն էր։ Պատրիարքին՝ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի գլխաւորած թափօրը Մայր եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ խորան ուղեկցեցաւ Սրբազան Պապին։ Համայնքային շրջանակները համախմբուած էին Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Արտասանուած խօսքերը փրոթոքոլային էին։
Հայոց Պատրիարքը նշեց, թէ Թուրքիոյ հայ համայնքը փոքր է, բայց տոկուն է եւ վճռակամ, թէ՝ եկեղեցիները, վարժարանները եւ հիմնարկները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը ամբողջական նուիրումով։ Հայկական ոսպնեակներէ չվրիպեցաւ այն, որ Պապը ողջոյնի խօսք ուղղեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, այն պահուն՝ երբ Էջմիածինն ու անոր հովանին վայելող հոգեւորականները հալածանքի եւ ճնշումներու կ’ենթարկուին Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ…
Իր պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ․ Պապը շեշտեց քրիստոնէական միասնութեան սրբազան գործին համար ամբողջ սրտով աշխատելու կարեւորութիւնը։ Սա իր կարեւոր պատգամներէն մէկն է այս շրջապտոյտին առիթով, որուն երկրորդ հանգրուանը եղաւ բազմաչարչար Լիբանանը:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button