ՆԱՓՈԼԻԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (San Gregorio Armeno) եկեղեցւոյ մէջ Երեքշաբթի Նոյեմբեր 24-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ աղօթք մը, որուն միասնաբար նախագահեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Ա- ռաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Նափոլիի վիճակաւոր Արքեպիսկոպոս Միմմօ Պաթալիա։ Այս շատ յատկանշական արարողութեան ներկայ էր նաեւ Նափոլիի օժանդակ եպիսկոպոսը՝ Կայէթանօ Քասթելլօ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողքին էին Միլանոյի հայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան եւ Տ. Պսակ Վրդ. Թեպիրճեան։
Նափոլիի Արքեպիսկոպոսութեան ներքեւ, անոր էքիւմենիզմի ու միջեկեղեցական երկխօսութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Միասնութեան եւ խաղաղութեան շաբաթ»ի շրջանակէն ներս տեղի ունեցաւ այս խորհրդաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցութիւն բերին բազմաթիւ կաթողիկէ հաւատացեալներ եւ Նափոլի բնակող հայեր:
Նափոլիի պատմական եւ նշանաւոր այս եկեղեցին, որու անունը Իտալացիներ San Gregorio Armeno կը կոչէն, 1579 թուականին օծուած է։ Շինութեան սկզբնաւորումը կը թուագրուի 8- րդ դարուն։ Ըստ պատմական տուեալներու, Պոլիսէն փախած խումբ մը հայ կոյսեր հաստատուած են Նափոլիի մէջ՝ իրենց հետ տանելով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները։ Աւելի վերջ, այդ մասունքները ամփոփուած են ի պատիւ Հայոց հայրապետի կառուցուած այդ եկեղեցւոյ մէջ ու ան դարձած է՝ քաղաքի հովանաւոր սուրբերէն մէկը։ Դարերու տեւողութեան եկեղեցւոյ յարակից վանական համալիրէն ներս հիւրընկալուած են զանազան միաբանութիւններ, բայց միշտ պահպանուած են հեռաւոր հայ ակունքները։ Ի հաստատումն այդ փաստի՝ 2015 թուականի ապրիլին վերաբացուած էր այս եկեղեցւոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակին ձօնուած մատուռը, ուր շուրջ հինգ դարեայ բացակայութենէն յետոյ վերազետեղուեցան Լուսաւորչի մասունքները Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս,Նափոլիի Կարտինալի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախաքահի ներկայութեամբ:

