Լրահոս

ՅՈՎՀԱՆ ՕՁՆԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ 

Չորեքշաբթի, 11 Մարտին, Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան ներկայ եղաւ Ազգային Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի շարքի չորրորդ դասախօսութեան եւ կատարեց նախագահութիւնը։ Այս շարքը տեղի կ՚ունենայ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ։

Հսկումի արարողութենէն ետք, առցանց դասախօսեց Պըրրի  (Ճորճիա) համալսարանի փիլոսոփայութեան դասախօս՝ փրոֆ. Մայքլ Փափազեան, նիւթ ունենալով «Սուրբ Յովհան Օձնեցի եւ Քրիստոսի բնութիւնը»։ Փրոֆ Փափազեան, որ 2019-ին հատոր մը հրատարակած էր Գրիգոր Նարեկացիի մասին, շուտով նոր հատոր մը պիտի ընծայէ՝ Նարեկացիի աղօթքներուն եւ Սուրբ Աստուածածնի նիւթին շուրջ։ Դասախօսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին մը եւ հիւրասիրութիւն։

Յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 18 Մարտին, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ հոգեւոր հովիւ Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  պիտի խօսի «Մանազկերտի ժողովի կանոնները» նիւթին շուրջ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button