
ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, Փետրուար 18-ին, Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ, համայնավարներու կողմէ կացինահարուած եւ սպաննուած` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ականաւոր գործիչներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու կողմէ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ` անարդարութեան դէմ պայքար մղած հերոսներու յիշատակին:
Սովորութեան համաձայն, յիշատակի ձեռնարկին նոյն օրը Փետրուարեան ապստամբութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին մօտ, տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը համալրուեցան նորագիրներով:
Փետրուարեան խորհուրդին ամրօրէն կառչած, բազմաթիւ գաղութներ կը նշէին այս օրը: Այսպէս Փետրուարեան ապստամբութիւնը կ՛արժեւորուէր, կը նշուէր ու կը տօնուէր,արժանավայել կերպով: Դժբախտաբար, այս օրերուն եւ երկար ատենէ ի վեր, Փետրուարեան ապստամբութեան նշումը չ՛ունի համարժէք արձագանգ:
Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ, այս ապստամբութեան խորհուրդի նշումը վերագրաւէ իր համարժէք պատուանդանը, յատկապէս իր այժմէականացման կարգով եւ պատմաքաղաքական հիմնաւորումներով: