ՅԱ­ՌԱՋՒ­ԿԱՅ ՄԱՐՏ 4-5-ԻՆ.- ՀԱՅ-ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ԿԱՆ ԵՐ­ՐՈՐԴ ՀԱ­ՄԱ­ԺՈ­ՂՈՎ

0 0
Read Time:3 Minute, 6 Second

P3Kaspar-Garabedian  ՊՐԻՒՔ­ՍԷԼ.- Մարտ 4, 5-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հայ-եւ­րո­պա­կան եր­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վը, Պել­ճի­քա­յի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղւոյն Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կին:

Հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ եր­կու նստաշր­ջա­նով: Առա­ջին նստաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին Եւ­րո­պա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պի­տի քննար­կեն հա­մա­եւ­րո­պա­կան խնդիր­նե­րուն առն­չուող հար­ցեր եւ հա­յե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը այդ բո­լո­րին մէջ:

Քննարկ­ման առար­կայ պի­տի դառ­նան մշա­կոյ­թին, լեզ­ուին, հա­յու ինք­նու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցեր, շարք մը քա­ղա­քա­կան խնդիր­ներ, ինչ­պէս նա­եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ թուրք-ազե­րի մի­աց­եալ լոպիի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րամ­եա­կի նա­խա­պատ­րաս­տու­մը եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան քրէ­ա­կա­նա­ցու­մը, Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման հար­ցը: Երկ­րորդ նստաշր­ջա­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ` Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի մե­ծա­գոյն քա­ղա­քա­կան խում­բի` Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան հո­վանի­ին ներ­քեւ: Պի­տի քննարկ­ուին Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան գոր­ծե­լա­ո­ճին, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չուող մի­ջազ­գա­յին օրէնք­նե­րուն, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ իրադ­րու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցեր: Հա­մա­ժո­ղո­վը նպա­տակ ու­նի խո­րաց­նել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հետ:

Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի տնօ­րէ­նը առանձ­նա­ցուց այն խնդիր­նե­րը, որոնք այժմ կը գտնուին Հայ Դա­տի եւ­րո­պա­կան գրա­սեն­եա­կի ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը: “Այժմ ամէ­նէն կա­րե­ւոր հար­ցե­րէն մէկն է ամ­րապն­դել Ար­ցա­խի դիր­քը` իբ­րեւ ան­կախ եւ ինք­նո­րոշ­ուած պե­տու­թիւն եւ ճանչ­նալ տալ ատի­կա եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րուն կող­մէ: Մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւնը նա­եւ աշ­խու­ժօ­րէն կը մաս­նակ­ցի Ջա­ւախ­քի մէջ ապ­րող հա­յե­րու օգ­նու­թեան: Բա­ցի ան­կէ, եթէ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րէն որե­ւէ մէ­կուն վտանգ կը սպառ­նայ, ինչ­պէս եղաւ Սուր­իոյ պա­րա­գա­յին, մենք կը կազ­մա­կեր­պենք մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն եւ կ՛ը­նենք ամէն ինչ` ապա­հո­վե­լու անոնց անվ­տան­գու­թիւնը“, նշեց Կա­րա­պետ­եան, որ աւել­ցուց, թէ վեր­ջերս հան­դի­պում կազ­մա­կերպ­ուած էր Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի նախ­կին փոխ­նա­խա­գահ Ռո­տի Քրաս­թա-Ցան­կա­րո­փուլ­ուի հետ Սուր­իոյ մէջ հայ բնակ­չու­թեան վի­ճա­կին վե­րա­բեր­եալ: Հան­դիպ­ման նպա­տա­կը եղած է կեդ­րո­նաց­նել Եւ­րո­պա­յի ու­շադ­րու­թիւնը Սուր­իոյ եւ այն­տեղ բնա­կող հայ­կա­կան հա­մայն­քին վրայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles