Լրահոս

Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր Ժողովին  Փաշինեան Կը Խօսի Կառուցողական Երկխօսութեան Մասին

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին, Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առցանց  ելոյթ ունենալով, յայտնեց, թէ Հայաստանը պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան, որ պիտի յանգեցնէ շրջանին մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման:

Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի դրութեան խախտման, Հայաստանի քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ գերութեան մէջ պահելու ու խոշտանգելու եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ յարձակողապաշտ կեցուածքին եւ յայտարարութիւններուն մասին: Փաշինեան նշեց, որ գրեթէ ամէն օր տեղի կ՛ունենան իրադարձութիւններ, որոնց նպատակը խաղաղութեան օրակարգի օրինականացումը խանգարելն է, թշնամութեան մթնոլորտը ո՛չ միայն խորացնելը, այլեւ աւելի համակարգուած դարձնելը:

 

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button