Սուտանահայ Համայնքին Մասին Հետաքրքրական Դասախօսութիւն

Վերջերս, Պոսթըն եւ Նիւ Եորք ժամանեց լոնտոնաբնակ երիտասարդ մարդաբան Վահէ Պօղոսեան, որ հետաքրքրական զեկուցում մը ներկայացուց մոռցուած սուտանահայ գաղութին մասին։
Մարտ 4-5-ին ան յաջորդաբար խօսք առաւ Հարվըրտ համալսարանի եւ «Project Save» հիմնարկի կեդրոնին մէջ եւ ներկայացուց սուտանահայ գաղութին անցեալը։

Մարտ 5-ին, «Project Save» հիմնարկի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, տնօրէն Արթօ Վաուն (Փայասլեան) ներկայացուց օրուան հիւր դասախօսը, որ հիմնած է «Սուտանահայ ժառանգութեան նախագիծը» (https://www.sudanahye.com ), տեղեկացնելով, թէ այս ծրագիրը կը ձգտի պաշտպանել անցեալի եզակի պատմութիւն մը։ Սուտանի անկախութենէն ետք, քաղաքական անկայունութեան, հակամարտութեան եւ տնտեսական անկման ժամանակաշրջանները գրեթէ ոչնչացած է սուտանահայը։ 15 Ապրիլ 2023-էն ի վեր, կրկին անդորրութիւնը խախտած է։
Պօղոսեան տեղեկացուց, թէ պատերազմը կրկին ցրուեց սուտանահայերը, այս անգամ, սակայն, վտանգի տակ է անոնց ժառանգութիւնը եւ, թէ այս ծրագիրը բազմամիջոցային հետազօտական նախաձեռնութիւն մըն է, որ սկիզբ առաւ պարզ զրոյցներով` սուտանահայերուն հետ իրենց կեանքերուն մասին: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութեամբ 2025-ի Յունուարին նախագիծը լայնածաւալ ծրագիրի վերածուեցաւ: Արխիւային հետազօտութեան, բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցներու եւ արհեստագիտական համագործակցութեան միջոցով, այս ծրագիրը կը միտի պահպանել սուտանահայերու մշակութային ժառանգութիւնը` անոր տալով մնայուն կերպարանք:

«Սուտանը անկախացաւ 1956-ին: Այդ թուականէն ետք արխիւային փաստաթուղթեր գտնելը դժուար է: Համայնքը հասած էր իր գագաթնակէտին մօտաւորապէս հազար հայորդիներով, սակայն անկախութենէն մօտ տասը տարի ետք քաղաքական ցնցումներու պատճառով, հետզկետէ սկսաւ ցրուիլ: Շատեր մնացին, սակայն մեծ մասը մեկնեցաւ: Այս աքսորին շնորհիւ Սուտանէն դուրս բերուած եւ պահուած են թանկագին լուսանկարներ», ըսաւ Պօղոսեան աւելցնելով, թէ Հայութեան պատմութիւնը Սուտանի մէջ խոր արմատներ ունի: Առաջին նախաձեռնողները Սուտան հասած են 20-րդ դարասկիզբին: 1915-ի Ցեղասպանութիւնը զանոնք մղեց հոն հաստատուելու ու արմատներ նետելու, ու այդպիսով քանի մը առեւտրականներ ներդրում ունեցած են, որոնք յարգանք վայելած են թէ՛ սուտանցի դրացիներուն եւ թէ՛ բրիտանական գաղթատէրերուն կողմէ:

«Գահիրէի Հ․Բ․Ը․Մ․-ի արխիւներուն մէջ, մանրակրկիտ կերպով կազմակերպուած ու պահուած են բազմաթիւ տեղեկութիւններ արխիւապետ Մարուշ Երամեանի ձեռամբ: Այսպէս, Գահիրէի Հ․Բ․Ը․Մ․-ի հետ համագործակցութեամբ, կարելի եղաւ մուտք գործել այս թղթածրարը եւ տեղեկանալ համայնքի սկզբնական տարիներու մասին: Փաստաթուղթերուն մէջ կան անդամներու ցուցակներ` անուններով, վայրերով ու մասնագիտութիւններով», տեղեկացուց Պօղոսեան, մանրամասնելով, թէ հայ լուսանկարիչներ առաջին նախաձեռնողներն եղած էին Սուտանի մէջ` եւ նկատի ունենալով հայերու բարեկեցիկ դիրքը սուտանեան հասարակութեան մէջ` հայ ընտանիքներ լուսանկարներու մեծ հաւաքածոներ ունէին:

«Համայնքային կազմակերպութիւններէն բացի, բրիտանական գաղութատիրական իշխանութիւնները եւս պահած են իրենց փաստաթուղթերը` կառավարական տեսանկիւնէն դիտուած: Ասոնք այսօր կը գտնուին Անգլիոյ ազգային արխիւներուն մէջ, Լոնտոն: Հայերը հազուադէպ յիշուած են անոնց մէջ` աւելի ցայտուն ըլլալով առեւտուրի եւ տնտեսական կեանքի մէջ, քան` քաղաքականութեան ու կառավարման: Նաեւ, այնտեղ հաւաքուած են բրիտանացի պաշտօնեաներու, զինուորականներու, քարոզիչներու եւ առեւտրականներու անձնական եւ պաշտօնական փաստաթուղթեր: Այս աղբիւրները կը ներկայացնեն աւելի մտերմիկ պատկեր մը գաղութային Սուտանի մասին` բացայայտելով անձնական կապերը եւ հասարակական յարաբերութիւնները հայերու, բրիտանացիներու, սուտանցիներու եւ այլ օտար համայնքներու միջեւ։ Այս առաջին իրադարձութիւնները սկիզբ մըն են: Հետազօտութիւններով կիսուելու կարելիութիւնը եւ համայնքներուն հետ խօսիլը բացառիկ արժէք ունին: Բայց աւելի կարեւորը` այս ձեռնարկները վերածեցին յիշողութիւնը եւ հետազօտութիւնը` ժառանգութեան: Կայքէջի կամ ընկերային ցանցերու սահմաններէն անդին` նախագիծը դարձաւ սուտանահայ համայնքի պատմութեան մաս մը, որ պիտի շարունակենք բացայայտել ու հրատարակել», եզրակացուց Պօղոսեան։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան եւ զրոյց;

