
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ապառաժ»)․- Փետրուար 13-ին Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ ճրագներով երթ, որ նուիրուած էր Արցախեան գոյապայքարին իրենց կեանքը զոհած բոլոր հայորդիներու սուրբ յիշատակին: Ընտրուած օրն ալ պատահական չէր։ Արդարեւ, 33 տարի առաջ, այդ օրն իսկ Ստեփանակերտի մէջ կայացած էր Արցախեան գոյապայքարի առաջին հանրահաւաքը:
«Երթ խոնարհումի եւ հպարտութեան» խորագրով այս քայլարշաւին մեկնարկը տրուեցաւ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն, Եղբայրական գերեզմանատան ուղղութեամբ: Երթին մասնակցողները պահ մը կանգ առին Վերածնունդի հրապարակին մօտ տեղադրուած 44-օրեայ պատերազմի զոհերու լուսանկարների մօտ եւ վառուեցան 88 մոմեր:
Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահվերտեան նշեց, որ Արցախեան շարժումը սկսաւ մայր Հայաստանին վերամիաւորուելու կոչով։
«Մենք մեր պայքարը պէտք է շարունակենք` անկախ պատերազմի արդիւնքներից: Մենք բոլորս այս ոգեկոչմամբ հաւատով ու վստահութեամբ պէտք է նայենք դէպի առաջ, դէպի ապագայ ու մեր բոլոր ուժերով ջանք թափենք, որպէսզի այդ ապագան դառնայ պայծառ»,- ըսաւ Սերգէյ Շահվերտեան:
Մոմերով երթը եզրափակուեցաւ Եղբայրական գերեզմանատան մուտքին, ուր մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան կենտրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհանիսեանն իր ելոյթին մէջ նշեց, որ մոմավառութեամբ կ՛ոգեկոչեն հերոս տղոց յիշատակը։
«Ուզում ենք ասել նրանց: Դուք Ձեր սխրանքով ու անմնացորդ նուիրումով եւս մէկ անգամ ապացուցեցիք, որ ոչինչ չի փոխուել` հայը նոյն քաջ ու մարտունակ ռազմիկն է, որ կարող է իր մատղաշ կեանքը զոհաբերել յանուն հայրենիքի, յանուն լուսաւոր ապագայի»,- յայտնեց Անի Յովհաննիսեանը: